«Թերթ».-Լոս Անճըլըսի Քաղաքային Խորհուրդը վերահաստատած է Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ կոչ ուղղած է ԱՄՆ կառավարութեան հետեւելու այդ քայլին:
Քաղաքային խորհուրդը նման բովանդակութեամբ բանաձեւ ընդունած է, որուն հեղինակը քաղաքային խորհրդի անդամ Փաուլ Գրիգորեանն է:
2018 թ-ին Գրիգորեանի դիմումին համաձայն քաղաքային խորհուրդը քաղաքին մէջ «Արցախի օր» սահմանած էր եւ կրկին, այդպիսով, կոչով դիմած էր միջազգային հանրութեանն Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու որպէս ազատ, անկախ պետութիւն:
Լոս Անճըլըս քաղաքը բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած է Շուշի քաղաքին հետ: