ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 7 Դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցաւ ֆրանսական Ընկերվարական Կուսակցութեան պատուիրակութեան ու անոր ղեկավար Օլիվիէ Ֆորի հետ։ Ֆրանսական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ քոնկրէսական Իզապել Սանթիակօ, ծերակուտական Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ, Մարի-Արլէթ Քարլոթթի, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան միջազգային հարցերու պատասխանատու Ժան-Մարք Ժերմէ:
Միջազգային Ընկերվարականի անդամ երկու կուսակցութիւններու ջերմ հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ Բ․ի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն՝ 9 Նոյեմբերի համաձայնագրի կնքումէն ետք, որպէս ֆրանսական առաջին պատուիրակութիւն, Ստեփանակերտ իրենց այցելութեան համար, ինչ որ կ՛արտայայտէ ֆրանսացիներուն վճռակամութիւնը՝ նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի լուծման:
Պատուիրակութիւնը շեշտեց ֆրանական կառավարութեան մտադրութիւնը՝ նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ապահովութեան ամրագրման եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման։
Հանդիպման ընթացքին այս հարցերուն շուրջ կարծիքներ փոխանակուեցան, որմէ ետք երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները շեշտեցին արցախեան հարցին լուծումը բացառապէս ԵԱՀԿ Մինսքի շրջանակին մէջ պահելու կարեւորութիւնը։ Կողմերը համաձայնեցան գործակցիլ՝ Ֆրանսան ներգրաւելու Արցախի ժողովուրդին ապահովութեան, բանակցային գործընթացի խորացման աշխատանքներուն մէջ եւ պահպանելու 9 Նոյեմբերի զինադադարէն ետք սպառնալիքի տակ յայտնուած հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
ՀՅԴ Բ․ի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի ծերակոյտին եւ խորհրդարանին՝ արցախահայութեան ի նպաստ բանաձեւին համար, որմով կոչ կ՛ուղղուի Ֆրանսայի կառավարութեան ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը։
Ֆրանսական կուսակցութեան ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ ձայն պէտք է բարձրացնել տարբեր նախաձեռնութիւններով, աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդին համար շատ զգայուն այս ժամանակաշրջանին պատմական իրենց այցելութեան իմաստը այս նպատակը կը հետապնդէ:
Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջանային նոր ուժերու ուղղակի միջամտութեան, այլազան հաշուարկներով, ինչ որ աւելի բարդացուցած է ճգնաժամը: Անոնք իրենց վրդովմունքը յայտնեցին Արցախի բնակչութեան մարդասիրական իրավիճակին, մարդկային ծանր կորուստներուն և պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդին ենթարկուած պատերազմական բրտութեան համար, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուած միջազգայինօրէն արգիլուած քիմիական զէնքերու, ֆոսֆորային ռումբերու և անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման գծով, դիտել տալով որ ասոնք բոլորն ալ միջազգային արդարադատութեան ընթացակարգեր պահանջող փաստեր են, որոնց ուղղութեամբ պէտք է աշխատին նաեւ երկու կազմակերպութիւնները:
Հանդիպման աւարտին կողմերը համաձայնեցան աշխուժօրէն շարունակել իրենց գործակցութիւնը: