«Արմէնփրէս».- Թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքն մէջ 70 օր անյայտութեան մէջ մնացած եւ Հայրենիք վերադարձած ժամկէտային ծառայողներուն ծնողները, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան (ԱՀ ԱԻՊԾ) տնօրէն, գեներալ-մայոր Կարէն Սարգսեան ուղեկցած են հանրապետական բժշկական կեդրոն: Զինուորական ծառայողները առայժմ պիտի մնան բժիշկներու հսկողութեան տակ:
«Թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ իրականացուող որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով` ԱՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան, Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմին եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերով 70 օրէ աւելի անյայտութեան մէջ գտնուող ժամկէտային 6 զինուորական ծառայողներ`
Արսէն Կարէնի Այվազեան,
Դաւիթ Գեղամի Սահակեան,
Նիկոլա Սեյրանի Ստեփանեան,
Արթուր Գարիկի Յարութիւնեան,
Արման Արշակի Արմաղանեան եւ
Ռուսլան Սարգիսի Թումանեան
վերադարձան Հայրենիք: