«Արմէնփրէս».-20 Դեկտեմբերին հանրապետութեան Նախագահ Սարգսեան եւ նախագահի աշխատակազմը այցելած են Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցած են արցախեան ազատամարտին իրենց կեանքը Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ դրածեն անոնց գերեզմաններուն վրայ:
Նախագահ Սարգսեան ծաղիկներ զետեղած է նաեւ Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան առաջին նախարար Վազգէն Սարգսեանին, Հայաստանի Ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն վրայ: Հանրապետութեան նախագահի անունով ծաղկեպսակ դրուած է Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար զոհուածներուն սխրանքը յաւերժացնող յուշապատին, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է Հայրենիքի համար զոհուած նուիրեալներուն անմահ յիշատակը: