«Երկիր».-ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան միջպետական ինքնաշարժային ճամբու Որոտան-Դաւիթ Բէկ հատուածին մէջ հայ եւ ատրպէյճանցի սահմանապահներու կողմէն, ռուս գործընկերներու հետ գործակցութեամբ, կ’իրականացուին սահմանապահ վերակարգերու տեղակայման աշխատանքներ:
Յիշեալ գործընթացը պիտի աւարտուի յառաջիկայ օրերուն եւ տուեալ ճանապարհահատուածով լիարժէքօրէն պիտի ապահովուի բնականոն ու անվտանգ երթեւեկութեան կազմակերպումը: