31 Դեկտեմբեր 2020-ին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանի մասնակցութեամբ, այցելած են Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցած են հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հայորդիներու յիշատակին: