«Խաւարի մէջ քալող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան շուքին երկիրը բնակողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» (Ես 9.2):
Յիսուս Քրիստոսի օրհնաբեր ծնունդի տօնն է այսօր: Վաւերական ուրախութեան աւետիս մը, որ կու գայ մարդկութեան կեանքը կերպարանափոխելու դէպի բարին եւ ճշմարիտը:
Այսօր աւելի քան երբեք մարդկութիւնը անհրաժեշտ կարիքը ունի մանկացեալ Յիսուսի աւետիսին, խաղաղութեան իշխանին, որ կու գայ իր փրկարար զօրութեամբ մեր քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելու, մեր յոգնաբեկ սրտերն ու հոգիները վերականգնելու եւ որպէս քրիստոնեաներ մեր աստուածահաճոյ կեանքը բարեզարդելու: Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան լոյսը երկինքէն կ’իջնէ՝ տագնապներով եւ հիւանդութիւններով լեցուն մարդկութեան կեանքը բարեփոխելու եւ մեր դիմաց լուսաւոր հորիզոններ բանալով մեզ վերականգնումի առաջնորդելու:
Մարդկութիւնը այս տարի տարբեր ձեւով կը դիմաւորէ թէ՛ Նոր Տարին, եւ թէ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկիչին ծնունդը: Ամէն տեղ Բեթլեհէմ է, խաւար է եւ ամայութիւն է: Ամէն մարդ առանձին է, ինչպէս Քրիստոս ամայութեան մէջ էր, առանձին էր: Մարիամ եւ Յովսէփ, Մանուկ Յիսուսին հետ խաւարին մէջէն քալեցին եւ աստուածային լոյսը շալկած՝ դէպի լոյս եւ յաւիտենականութիւն առաջնորդուեցան: Նոյնն է վիճակը այսօր աշխարհի մէջ: Ամէն տեղ համաճարակի խաւարը տիրապետած է, տուները վերածուած են մսուրներու, մայրեր առանձնացած են, հայրեր մեկուսացած են, վարակուած երիտասարդ ծնողներ իրենք եւս բաժնուած են իրենց զաւակներէն: Վախը, սարսափը, պսակաձեւ ժահրը եւ մահը, որոնք չեն երեւիր, նոր հալածանքի կ’ենթարկեն մարդկութիւնն ու Քրիստոսի եկեղեցին, կը խլեն հազարաւոր կեանքեր, կը վտանգեն եկեղեցիներ, ազգեր եւ ժողովուրդներ:
Համայն աշխարհը այսօր առանձնացած մսուրի վերածուած է: Մենք պիտի աղօթենք, որ մեր առանձնացած մսուրներուն մէջ մանկացեալ Յիսուս այցի գայ եւ պաշտպանէ ու զօրացնէ մեր խոնարհ, մեղաւոր եւ ամայի սրտերն ու հոգիները եւ Իր աստուածային լոյսով ու ներկայութեամբ մեր ամայի մսուրները վերածէ ամուր ժայռի, ուր կը փշրուին բոլոր հիւանդութիւնները եւ Իրմով զօրացած կը շարունակենք մեր քրիստոնավայել առաքելութիւնը: Խաւարին մէջ տուայտող մարդկութիւնը անհրաժեշտ կարիք ունի մանկացեալ Յիսուսի փրկարար ներկայութեան, այն երկնային ընծային, որ եկաւ հոգիները փրկելու եւ մարդոց մէջ հաճութիւն եւ սէր տարածելու:
Սիրելի՛ հարազատներ,
Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով անհրաժեշտ է հոգեմտաւոր պատրաստութեամբ մեր սրտերը զօրացնել, որպէսզի բարիով յաղթահարենք չարին: Սուրբ Ծնունդը հրաւէր մըն է, որպէսզի մեր սրտերը վերածենք Քրիստոսի սիրոյ զոհասեղանին, ուր կը զոհենք մեր հաճոյքները, կը խաչենք մեր եսերը, կը թաղենք մեր մեղքերը եւ մէկ ամբողջութիւն դառնալով Աստուծոյ կը միանանք: «Հիմա, որ հաւատքով արդարացած ենք, այլեւս հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով» (Հռ 5.1):
Քրիստոսի Ս. Ծննդեան պատրաստուելու կարեւոր պայմաններէն մէկն է նաեւ ներողամտութիւնը: Ատելութիւնը, նախանձը եւ չարութիւնը այնքան արմատ նետած են մարդոց մէջ, որոնք սկսած են իրենց եղբայրներուն մէջ փնտռել երեւակայական թշնամին, միւս կողմէ իրական վտանգ հանդիսացող թշնամիները ամէն ձեւով կը փորձեն մեր մանուկներն ու երիտասարդները շեղել Աստուծոյ ճանապարհէն: Հետեւաբար կոչուած ենք գիտակից եւ զգոյշ ըլլալու երեւցող եւ չերեւցող թշնամիներէն, սակայն նաեւ ներողամտութեամբ մօտենալու, ինչպէս Քրիստոս ներեց իր հակառակորդները:
Այսօր պահն է դիմաւորելու գերագոյն սէրը՝ մանկացեալ Յիսուսը, որուն նկատմամբ պէտք է արտայայտենք մեր վճռական սէրը, որ մեզ կ’առաջնորդէ գերագոյն ուրախութեան: Քրիստոսը սիրելու վճռականութիւնը ունենանք, այնպէս ինչպէս Աստուած մարդկութեան հանդէպ իր գերագոյն սէրը յայտնեց Քրիստոսի ծնունդով, նոյնպէս մենք փոխադարձաբար պէտք է արտայայտենք բացարձակ եւ ամբողջական մեր սէրը՝ աստուածահաճոյ ընթացքով:
Սուրբ Ծննդեան բերկրալի տօնը մեզի կը թելադրէ հեռացած Քրիստոսը փնտռել մեր կեանքին մէջ: Մանուկ Յիսուս Բեթլեհէմէն «փախաւ» դէպի Եգիպտոս եւ պահ մը «հեռացաւ» մարդկութեան կեանքէն: Նոյնն է վիճակը այսօր, մարդոց կեանքը դատարկուած է Քրիստոսի ներկայութենէն եւ այս տօնին առիթով անհրաժեշտ է մեր կեանքերէն «հեռացած» եւ «փախած» Քրիստոսը փնտռել առաւել ճիգ թափելով: Յիսուսը կը գտնենք Աստուածաշունչին մէջ, իրարու մէջ եւ Քրիստոսի ուսուցումներուն համաձայն ապրելով կը յաղթահարենք մեր աշխարհիկ բնազդներուն մղումները եւ վիշտ պատճառող գայթակղութիւնները: Քրիստոսի անընդհատ աճող ուրախութեան շունչը կու գայ մեր կեանքի ամայացած մսուրը կատարեալ ուրախութեամբ լեցնելու, հետեւաբար մերժենք բոլոր այն երեւոյթները, որոնք պատճառ կը դառնան, որ մարդը կորսնցնէ մանուկ Յիսուսի մէջ մարմնաւորուած յաւերժական ուրախութիւնը:
Քրիստոս երկինքէն երկիր իջնելով սէր տարածեց ամենուրէք: Քրիստոնեայ հաւատացեալը իր հոգիի աչքերով Քրիստոսի տարածուող սէրը անհրաժեշտ է որ տեսնէ ամէն տեղ եւ զայն արդիւնաւորէ իր բարի գործերով: Քրիստոսի սէրը սահմանափակուած չէ մսուրին մէջ, այլ տիեզերական սէր է, վեր է երկնքի ու երկրի սահմաններէն: Յիսուսի ծնունդով այսօր բնութիւնը ուրախ է եւ սէր կը բուրէ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ամէն օր այդ սէրը զգալ եւ ապրիլ, ինչպէս հրեշտակները Յիսուսի ծնունդը կը վկայեն աւետելով՝ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:
Կ’ապրինք նիւթական եւ անցաւոր աշխարհի մէջ, սակայն հակառակ այս իրողութեան Քրիստոսի Ծնունդը մեզմէ կը պահանջէ ներդաշնակել աշխարհական մեր կեանքը հոգեւոր կեանքին հետ, այնպիսի հաւասարակշռութեամբ, որ աշխարհիկ հոգերն ու մտահոգութիւնները չտիրապետեն մեր կեանքին վրայ:
Քրիստոսի ապրած կեանքը կը յատկանշուի ազնուութեամբ եւ քաջութեամբ: Քրիստոս ազնուութիւն ցոյց տուաւ համեստ մսուրի մէջ ծնելով եւ ծառայութեամբ լեցուն կեանք ապրելով, սակայն հարկ եղած պահուն ան քաջաբար քարոզեց Աստուծոյ խօսքը եւ մարդոց փրկութեան համար խաչափայտին վրայ խիզախօրէն խաչուեցաւ: Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը առիթ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ըլլալու հոգիով եւ սրտով համեստ, խոնարհ եւ ազնիւ, սակայն ի պահանջել հարկին խիզախ կեցուածք ունենալ քրիստոնէական հաւատքին խոտոր հանդիսացող երեւոյթներուն դէմ:
Յիսուսի Ծնունդը հրաւէր մըն է ամէն օր վերանորոգելու մեր կեանքերը: Քրիստոս մէկ անգամ ծնաւ, սակայն Քրիստոս ամէն օր պէտք է ծնի մեր գիտակցութեան մէջ: Ամենակալ Աստուած մէկ անգամ ծնելու առիթ տուաւ մեզի, սակայն Քրիստոսի ծնունդով հրաւիրուած ենք ամէն օր մտային, հոգեւոր եւ ազգային վերածնունդ ապրելու, մեր գիտակցութեան եւ բանականութեան ճամբով:
Տօնական այս օրերուն կոչուած ենք ճանչնալու մեր անձերը մեր մեղքերուն ընդմէջէն, կշիռքի վրայ դնելու մեր գործերը եւ վերածնունդի ճամբով մնայուն կերպով մօտենալու Աստուծոյ:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Անցնող տարուան մէջ Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջանները՝ Հալէպ, Գամիշլի, Հասիչէ, Տերիք, Լաթաքիա, Թարթուս եւ Քեսապ եկեղեցական թէ ազգային ծաղկուն գործունէութիւն ունեցան, սակայն նոյնպէս ենթարկուեցան համաճարակին պարտադրած նոր պայմաններուն եւ գործելաոճին: Ցաւով եւ տագնապներով լեցուն էր հայ ժողովուրդին կեանքը, որովհետեւ Արցախի գոյապայքարը վերջ գտաւ պարտուողական համաձայնագիրի ստորագրութեամբ եւ պատճառ դարձաւ, որ մենք կորսնցնենք Արցախի մեր պապենական մեծաթիւ հողատարածքները:
Փառք ու պատիւ մեր զինուորներուն եւ նահատակներուն, որոնք ահազանգը լսելով՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն փութացին Արցախ եւ առաջնագիծի վրայ իրենց ամենաթանկագինը՝ կեանքը ընծայաբերելով մինչեւ վերջին վայրկեան հաստատուն մնացին իրենց վստահուած առաքելութեան վրայ: Սուրիահայ երիտասարդները անմասն չմնացին Արցախի հերոսական մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը բերելէ: Սուրիոյ պատերազմին, հայկական թաղամասերը պաշտպանող մեր խիզախ երիտասարդները անսալով հայրենիքի կանչին, Արցախի հերոսական մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, եւ իրենց արիւնը թափելով հայրենիքի պաշտպանութիւնը գերադասեցին իրենց անձնական կեանքէն:
Այսօր Հայ ժողովուրդը պարտուած չէ, այլ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին հրաւիրուած է վերանորոգելու իր կեանքը, յանձնառութիւնը, միասնականութիւնը, հաւատքը եւ յոյսը, որպէսզի օր մը Տիրոջ կամքով վերատիրանանք մեր կորսնցուցած Արցախի սրբազան հողերուն:
Սիրելիներ, հարազատներ,
Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը առիթ մըն է իւրաքանչիւրիս համար ծառայողական մեր ուխտը վերանորոգելու, առաւել սիրով, նուիրումով, գիտակցութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ յառաջ տանելու մեզի վստահուած նուիրական աստուածային առաքելութիւնը, դիմաւորելով պայծառ եւ բարգաւաճ օրեր:
2021 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կոչուեցաւ «Արցախի Տարի», hետեւաբար ամբողջ տարին մեր ուժերը պիտի կեդրոնացնենք Արցախի հզօրացման եւ անոր ժողովուրդին բարօրութեան նպաստող ծրագիրներ մշակելով եւ գործնականապէս մեր աջակցութիւնը ցուցաբերելով:
Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդին եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, յանուն Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին եւ անձնապէս, որդիական մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ, հայրական ցուցմունքներով յառաջ տանելու Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը: Մեր շնորհաւորական մաղթանքները կ’ուղղենք թեմէն ներս գործող Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին, մեր բոլոր կառոյցներուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, արտասահմանի նախկին սուրիահայ բարերարներուն եւ բարեպաշտ ժողովուրդին, մաղթելով բարեբեր եւ արեւշատ տարիներ:
Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային օրհնութեամբ առաւել ծաղկեցնէ սուրիական հայրենիքը, պահէ ու պահպանէ սուրիացի ասպնջական ժողովուրդը եւ անոր իմաստուն ղեկավարութիւնը:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ, ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ:
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի
6 Յունուար 2021