«Երկիր».-Երեւանի մէջ 22 Փետրուարին տեղի ունեցած խաղաղ երթի աւարտէն մէկ ժամ անց մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցէն`քաղաքացիական հագուստով անձեր մօտեցած եւ առեւանգած են ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ, Սուրիայէն Հայաստան մշտական բնակութիւն հաստատած պատանի Աւետիս Ֆիշէնքճեանը:

Yerkir.am-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, ան ազատ արձակուեցաւ:

Իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեան յայտնած է, որ Աւետիսը բերման  ենթարկուած է խուլիկանութեան կասկածով:

«Այս պահուն նիւթեր կը նախապատրաստուին, որպէսզի 10-օրեայ ժամկէտով որոշուի քրէական գործ պիտի յարուցո՞ւի թէ ոչ: Պէտք է շեշտեմ, որ երեխան Արաբկիրի բաժին  բերած են  կարծէք ահաբեկիչ էր, կամ կը պատրաստուէր ահաբեկչութիւն կ’ատարելու», ըսաւ Մելիքեան:

Աւետիս դիտել տուաւ, որ ամբողջ ճամբու ընթացքին իրեն չեն պարզաբանած թէ ինչու զինք  կը տանին ոստիկանութեան բաժանմունք, միայն բաժանմունքին մէջ տեղեկացուցած են, որ ինք կատարած է խուլիկանութիւն` հաւկիթներ  նետած է ՀՔԾ շէնքին ուղղութեամբ: