ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 23 Փետրուար 2021- ի առաւօտեան ժամը 10։45- ին, Արամ Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մեծ Պահոց Եօթը Կիրակիներ»ու նուիրուած  դասախօսութիւն մը։ Օրուան  դասախօսն էր Հոգեշնորհ  Տ. Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան։

Դաստիարակչական Յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Սոնա Տարաքճեան:  Ան յայտնեց, որ Մեծ Պահքը կամաւոր զրկանք մըն է հաւատացեալը նախապատրաստելու Աւագ Շաբթուան՝ ուրախութեամբ տօնելու Ս. Յարութեան տօնը։ Ապա շեշտեց, որ Մեծ Պահքի  բուն խորհուրդը վերադառնալն է լուսեղէն կեանքի, հրաժարիլն է  չար սովորութիւններէ,  նուիրուիլն է աստուածահաճոյ գործերու, զղջալը, ինքնաքննութիւն եւ ապաշխարութիւն կատարելն է վերջապէս։ Իր  խօսքի աւարտին, Տարաքճեան օրուան առաջին զեկուցաբեր Հոգեշնորհ Հայր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեանի ամփոփ կենսագրականը ներկայացնելով բեմ հրաւիրեց զինք:

Հայր սուրբը հաւատացեալ ներկաներուն հետ  Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքով սկսաւ իր պատգամը։ Ան նախ յստակ եւ պատկերաւոր ոճով, հին կտակարանէն քաղուած օրինակներով բացատրեց պահեցողութեան նպատակները ըսաւ. «Պահքը մեր բոլորին թէ՛ հոգեւոր, եւ թէ մտաւոր բարեփոխման համար կարեւոր է։  Ան բանալին է մեր հոգիները եւ մտքերը մարզելու եւ Սուրբ Գիրքին ու շարականներու ճամբով Աստուծոյ մօտենալու»։

Ապա դիտել տուաւ, որ միջին դարերուն եկեղեցւոյ կողմէ  նզովքի կ՛արժանանային բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք պահեցողութիւն չէին ըներ, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ մօտեցոմը փոխուեցաւ։

Հայր սուրբը հին կտակարանէն օրինակներ բերելով բացատրեց  պահեցողութեան գաղափարը, անհրաժեշտ նկատելով  հոգեւոր մեր աշխարհը զարգացնել՝ աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ապաշխարութեամբ։ Ան շարունակելով ըսաւ.  «Հայ եկեղեցին իւրաքանչիւր Կիրակին անուանած է անունով մը, որ ունի նաեւ իր խորհուրդը։ Քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին  ունինք վեց Կիրակիներ, որոնք կ’աւարտին Ծաղկազարդի Կիրակիէն առաջ, իսկ Գալստեան Կիրակիէն ետք եկեղեցին կը մտնէ նոր փուլ մը՝ Աւագ Շաբթուան»։

Հայր Սուրբը մանրամասնօրէն ներկայացուց կիրակիներու անուններն ու բացատրութիւնները։

Առաջին Կիրակին կը կոչուի Բուն Բարեկենդան, որ կը խորհրդանշէ երջանկութիւնը։ Ինչպէս կը յիշուի շարականին մէջ․ «դրախտին մէջ երջանկութիւն մը կար, որովհետեւ ամէն տեղ զգալի էր Աստուծոյ Էութիւնը», եւ որպէսզի մարդ արարածը զգայ որ ինք այդ ուրախութիւնը կորսնցուցած է մեղքի մը պատճառով,  Բարեկենդանը կը նշուի իւրաքանչիւր պահեցողութենէ առաջ:

Երկրորդ Կիրակին՝ Կորուստն է դրախտէն, Ադամի եւ Եւայի արտաքսումը անկէ,  ոչ միայն արգիլուած ծառի պտուղը համտեսելնուն պարճառով, այլ որովհետեւ անոնք Տիրոջ պատուիրանը ոտնակոխած էին։ Եւ այս բոլորին արդիւնքը եղած էր անէծքը՝ «Հող էիր եւ հող դառնաս»ը։ Հետեւաբար իւրաքանչիւր մեղք ունի իր դաստիարակիչ պատիժը․ իմաստունը այն է, որ այդ պատիժէն օգտուելով կը սրբագրէ իր սխալները։

Անառակի Կիրակին, որ նաեւ կարելի է կոչել՝ Մարդուն Դարձը, կորսուած անառակ որդիին դարձը կը խորհրդանշէ. որ կ՛ընդգրկէ երեք փուլեր. աոաջինը՝ երջանկութիւն, երկրորդը՝ անկում, իսկ երրորդը՝ վերադարձ դէպի քրիստոնէական հաւատք։

Չորրորդ Կիրակին՝ Տնտեսի Կիրակին է, անիրաւ տնտեսի։ Ըստ առակին՝ տնտեսը սխալեցաւ, բայց հնարամտութեամբ սրբագրեց իր սխալը եւ արժանացաւ տիրոջ գնահատանքին։ Հոս դասախօսը  յիշեցուց Դռնբացի հետեւեալ բանալի նախադասութիւնը. «Աշխարհի որդիները աւելի իմաստուն են իրենց գործերը յաջողցնելու համար, իսկ լոյսի որդիները իրենց շրջանակին մէջ, այսինքն՝ երկնքի մէջ պէտք է որ հնարամիտ ըլլան, հետեւաբար՝ միշտ մեղքերը պակսեցնել եւ պատրաստ ըլլալ Տիրոջ կանչին»։

Հինգերորդ Կիրակին Դատաւորի Կիրակին է։ Զեկուցաբերին համաձայն, տնտեսն ու դատաւորը անիրաւ կոչուեցան,  այս պատմութեան մէջ կը պարզաբանուի այրի կնոջ համբերութեան, յարատեւութեան եւ հաստատ կամքին հրաշալի օրինակը։ Այս պատմութիւնը կը շեշտէ աղօթքին մէջ յարատեւութիւն պահպանելու, անձանձրոյթ եւ հաստատակամ ըլլալու կարեւորութիւնը։

Իսկ վեցերորդը՝ Գալստեան Կիրակին է, որ կ՛աւետէ Քրիստոսի առաջին եւ երկրորդ գալուստը։ Առաջին գալուստին պարագային խօսած էին մարգարէներն ու հին կտակարանը։ Քրիստոսի նպատակը մարդկութիւնը փրկութեան առաջնորդելն էր, երկնքի ողորմութեան դռները բանալով եւ Իր խաչելութեամբ մարդկութիւնը հաշտեցնելով Հայր Աստուծոյ հետ։

Իսկ երկրորդ գալուստը Աւետարանին համաձայն  պիտի կատարուի մեր չակնկալած մէկ պահուն եւ միայն զԱստուած գիտէ զանիկա:

Դասախօսը օրինակներ բերելով պարզաբանեց նիւթը եւ իր հմուտ ներկայացումով ներկաները իրազեկ դարձուց  Մեծ Պահքի խորհուրդին։

Աւարտին, Դաստիարակչական Յանձ․-ի ատենապետուհի Հուրի Մաղաքեան խորհրդանշական  յուշանուէրով մը շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին, յիշելով անոր տուած մէկ օրինակը՝ ըլլալ ոսկեայ անօթներու նման, որպէսզի որքան շատ  մաքրենք  մեղքերու հետեւանքով փոշի կապած  անօթները, այնքան աւելի  փայլին անոնք, ու փայլինք մենք՝ հոգեկան մաքրութեամբ։

Այնուհետեւ յանձնախումբը ներկաները հիւրասիրեց եւ ջերմ մթնոլորտի մը ներքեւ յայտարարեց ձեռնարկին աւարտը։

Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան