13 Մարտին Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդը հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածած է. «Յարգելի’ հայրենակիցներ, Նիկոլ Փաշինեանը 13 Մարտին` ժամը 12:30-ին, պիտի այցելէ Կառավարութեան 2-րդ մասնաշէնք` ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն: Դիւանագէտի օրը` 2 Մարտին, խախտելով աւանդոյթը, ան չգնաց հայկական դիւանագիտութեան կեդրոնակայան, սակայն որոշած է 13 Մարտին հոն ըլլալ: Մենք զայն դիմաւորենք ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիմաց, որ կրկին բարձրաձայնենք մեր պահանջը` առանց Նիկոլի ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Հաւաքուինք 12:00-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին դիմաց (Վազգէն Սարգսեան 3, Կառավարական տուն 2): Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»