«Թերթ».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը յայտարարութիւն հրապարակեց Հանրապետութեան նստավայրին մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին մասին. «Նկատի ունենալով, որ 13 Մարտին Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի հանդիպումին հրաւիրուողներէն «Իմ Քայլը» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութիւնները ընդունած են հրաւէրը, «Բարգաւաճ Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութիւնը եւ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ը հանդիպումին համար առաջարկած են իրենց օրակարգը եւ պայմաններ ներկայացուցած, այս պահուն մէկ սեղանի շուրջ հանդիպումի ձեւաչափը կը դառնայ անիրագործելի: Արմէն Սարգսեան պիտի շարունակէ իր ջանքերը եւ պատրաստ է առանձին հանդիպումներ ունենալու թէ՛ հրաւիրուողներուն եւ թէ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն մէջ չընդգրկուած պատգամաւորներուն եւ արտախորհրդարանական տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այդ հանդիպումները կարելիութիւն պիտի տան անգամ մը եւս լսելու բոլորին տեսակէտները, դիրքորոշումները առաւել յստակ դարձնելու եւ անոնց հիման վրայ ձեւաւորելու աշխատանքային օրակարգ: Հանրապետութեան նախագահը կը վերահաստատէ իր համոզումը, որ տարաձայնութիւններու կարգաւորման միակ ուղին բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնն են, եւ պէտք է ամէն ինչ ընել` երկիրը ցնցումներէ հեռու պահելու», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: