«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգի Քլարք համալսարանի թուրք ծանօթ պատմաբան, դասախօս, փրոֆ. Թաներ Աքչամ իր դիմատետրի էջին վրայ յայտնած է, որ Ապրիլին լոյս պիտի տեսնէ իր գործընկերոջ` ԱՄՆ Քլարք համալսարանի թուրք դասախօս Ումիթ Քուրթի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքը: «Այնթապի հայերը. Ցեղասպանութեան էքոնոմիկան Օսմանեան վիլայեթի մը մէջ» վերնագիրով գիրքի հրապարակումը ստանձնած է Harvard University Press հրատարակչութիւնը: Գիրքը հիմնուած է Ումիթ Քուրթի դոկտորական աշխատանքին վրայ: Տեղեկացնենք, որ Ումիթ Քուրթը ցեղասպանութեան մասին մէկ այլ գիրքի («Օրէնքներու ոգին. Հայոց Ցեղասպանութեան հետքերը փնտռելով լքեալ գոյքերու մասին օրէնքներուն մէջ») համահեղինակն է: Այդ գիրքին միւս համահեղինակը Թաներ Աքչամն է: