Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւին բազմացումին հետեւանքով, Սուրիոյ առողջապահութեան Նախարար տոքթ. Հասան Մուհամմէտ ալ Ղապպաշ որոշեց Թարթուսի «Պասէլ» եւ «Պանիաս» հիւանդանոցներուն բոլոր բաժինները պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներու յատկացնել՝ Չորեքշաբթի, 24 Մարտ 2021-էն սկսեալ, բացի հիւանդանոցներու շտապ օգնութեան եւ ուռուցքաբանութեան կեդրոններէն։ Իսկ Նախորդ Շաբաթ, 20 Մարտ 2020-ին, նախարար Ղապպաշի որոշումով Դամասկոսի մէջ կարգ մը հիւանդանոցներ եւս պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներու տրամադրուեցան։