22 Մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան հանդիպում  ունեցած է Հոլանտայի Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիկօ Սխերմերսի հետ:

«Ի շարս բազմաթիւ հարցերուն ներկայացուցինք յետպատերազմեան շրջանին  Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու լրջագոյն մարտահրաւէրները: Երկուստէք կարեւոր համարեցին ռազմգերիներու անյապաղ վերադարձի առաջնահերթ հարցը: Անդրադարձ կատարուեցաւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու տապալման փաստին, ընկերային ծանր վիճակի առկայութեան եւ ազգային անվտանգութեան սպառնացող բազմաթիւ հարցերուն եւ այդ հարցերուն հաւանական լուծումներուն` միատեղ ջանքերով:

Երբ հայրենիքի մէջ անիշխանութիւն կը տիրէ, ազգային ուժերը ստիպուած կ’ըլլան իրենք ստանձնել այս կարեւորագոյն աշխատանքները», իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է Արշակ Մեսրոպեան: