Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ին, Սուրիական Առեւտուրի Գրասենեակներու Միութեան արտածման բաժինի կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Ֆայէզ Քասումէ դիտել տուաւ, որ եթէ սուրիական կառավարութիւնը բուսական ձէթի ներածման արտօնութիւն տայ, անոր գինը անմիջապէս պիտի նուազի։
Քասումէ «Ուաթան» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ներկայիս կառավարութիւնը արգիլած է բուսական ձէթի ներածումը եւ Սուրիոյ մէջ միայն 5 ձէթ արտադրող գործարաններ կը բանին։ Ան հաստատեց, որ արտադրութիւնը բաւարար չէ եւ առաջարկեց ներածումը արտօնել, որպէսզի շուկայի ձէթին կարիքը ապահովուի յարմար գիներով։
Քասումէ յայտնեց, որ օրերս 1 լիթր բուսական ձէթին գինը հաաած է 12. 000 ս.ո.-ի, իսկ պաշտօնեայի մը ամսականը մօտաւոր 50-70 հազար ս.ո. է, այսինքն ան ներկայիս իր ընտանիքին համար ձէթ գնելու կարողութիւն չունի։