Շաբաթ, 3 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ կրթութեան Նախարար Տարէմ Թապաա հրապարակեց 2021-ի 1195/943 որոշումը՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորորդ կարգերուն համար 2020-2021 տարեշրջանը աւարտած համարելու Երկուշաբթի, 5 Ապրիլ 2021-էն սկսեալ։
Իւրաքանչիւր աշակերտի առաջին կիսամեակի նիշերը պիտի գումարուին երկրորդ կիսամեակի (գրաւոր եւ բերանացի) նիշերուն հետ եւ ըստ արդիւնքին աշակերտը յաջողած կամ ձաղոխած պիտի համարուի։
Նախակրթարանի 5-րդ, 6-րդ, 7-րդ եւ միջնակարգի 8-րդ կարգի աշակերտներուն համար եւս տարեշրջանը աւարտած կը համարուի, իսկ անոնց կիսամեայ եզրափակիչ քննութիւնները տեղի կ՚ունենան 25-էն 29 Ապրիլ 2021-ի միջեւ։
Երկրորդականի 10-րդ եւ 11-րդ կարգի աշակերտներուն համար տարեշրջանը կը շարունակուի իր տարբեր ճիւղերով, իսկ կիսամեայ եզրափակիչ քննութիւնները տեղի կ՚ունենան 25-էն 29 Ապրիլ 2021-ի միջեւ։
Միջնակարգի 9-րդ կարգի եւ երկրորդականի պաքալորիայի եզրափակիչ քննութիւնները տեղի կ՚ունենան նախարարութեան նախապէս ճշդած ժամկէտին։