Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 115 պարագաներ արձանագրուեցան, 118 վարակակիրներ բուժուեցան, 9 ուրիշներ մահացան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 19641-ի, բուժուածներունը՝ 13434-ի, իսկ մահացածներունը՝ 1332-ի։