«Ազդակ»- Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2021-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կուսակցական-հասարակական յայտնի գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին առաջնորդ սրբազանը կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքը հանգուցեալ գործիչին մասին, ապա Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին դամբանական խօսեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի (դամբանականը ամբողջութեամբ կը հրապարակենք հետագային): Այնուհետեւ թաղման թափօրը ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտ, ուր Ցոլակ Թիւթէլեանի յիշատակին յարգանք մատուցուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ: Հանգուցեալին մարմինը ապա փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը: Լուսանկարը` Ալեքս Կիւրինեանի