Մանկութիւնս յիշելիս սիրտս դառնում է գինով,
Ես մի ընկեր ունէի Լիպօ անունով… (Չարենց):
Սփիւռքի մէջ կար եւ տակաւին կայ սերունդ մը, որ, երբ գիրքի մասին կը խօսուի, անպայման պիտի յիշէև չի կրնար չյիշել,և Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, որովհետեւ ամէն գրասէր ու մանաւանդ անձնական գրադարան հաստատող այս կամ այն ձեւով ու չափով առնչուած է անոր անձին ու գիրքերուն եւ դիմած է անոր օժանդակութեան:
Անոր հետ ծանօթութիւնս սկսաւ ութսունականներուն:
Առիթով մը կը գտնուէի Անթիլիասի մայրավանքը, որուն բակը այն օրը կը տիրէր արտասովոր եռուզեռ մը: Ինք եկաւ ու գտաւ զիս, ներկայացուց ինքզինք, ու այդ ներկայացնելն էր, որ հետզհետէ վերածուեցաւ տոկուն ու անխախտ բարեկամութեան մը, որ կը հիմնուի տեսակէտներու, ճաշակներու, դատողութեանց ու մտայնութեանց հազուագիւտ ներդաշնակութեան մը վրայ, որ կը դիմանայ ամէն փորձութեան:
Իմ բարեկամութիւններուս մեծ մասը եղած է բժիշկ-հիւանդ յարաբերութեան շարունակութիւնը, իսկ Արտաշէսի պարագային տեղի ունեցաւ հակառակը. նախ հաստատուեցաւ բարեկամութիւնը, որուն յաջորդեց բժիշկ-հիւանդ կախուածութիւն մըն ալ, որ տարածուեցաւ իր ողջ ընտանիքին, հարազատներուն, այլեւ ծանօթներուն վրայ:
Եթէ գիրքի հայթայթիչս մէկ էր նախապէս, հիմա անոնք եղան երկու:
Այն օրերուն էր, որ լսեր էի, թէ Հայաստանի մէջ վերահրատարակուած է «Նոր Հայկազեան»ը, որ շատ վաղուց սպառած էր, եւ փափաքեցայ ունենալ զայն:
Քանի մը օր ետք սեղանիս դրաւ անոր երկու պատկառելի հատորները, այո, «պատկառելի՛», եւ այս ածականը կարծես յատուկ հնարուած ըլլար ճիշդ բնորոշելու համար այդ եզակի ու պատուաբեր աշխատութիւնը, որով կրնանք հպարտանալ աշխարհի ամենախստապահանջ քննիչներուն առջեւ ալ: Աստուածաշունչի գրաբար թարգմանութենէն ետք եւ անոր հետ, կը կարծեմ, մեր մշակոյթի ամենատոկուն հիմնաքարերէն են անոնք:
Ինք գնաց, իսկ ես ուշացած անդրադարձայ, որ պէտք է ապսպրէի երկրորդ շարք մը եւս: Այն ատեն սովորութիւն ունէի զոյգ գնելու կարգ մը հրատարակութիւններ,և որոնց սպառումը կը մտահոգէր զիս,և մէկական օրինակ նախատեսելով երկու մանչերէս իւրաքանչիւրին:
Ուրեմն քանի մը օր ետք հեռաձայնեցի եւ ապսպրեցի երկրորդ շարք մը՝ քիչ մը զարմացնելով զինք: Եւ շուտով ունեցայ այս վերջինն ալ՝ միշտ պարկեշտ, համեստ ու տրամաբանական գինով:
 * * *
Մասնագիտութեամբ մատենագէտ էր, առ այս՝ կրնար քեզի երկար խօսիլ այն բոլոր գիրքերուն մասին, որոնք տպուած էին Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրք»էն սկսեալ եւ տրամադրութեանդ տակ դնել այն բոլոր ծանօթութիւնները, որոնց կը կարօտիս իբրեւ սովորական ընթերցող կամ բանասէր: Ի պահանջել հարկին՝ լաւ գիտէր, թէ ո՛ւր պէտք էր դիմել՝ լրացնելու համար իրեն պակսող տեղեկութիւնները, եթէ կային նմանները:
Ան նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, գիտակ էր Հայ մամուլի պատմութեան՝ սկսած Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի «Ազդարար»-էն մինչեւ արդի խառնակ ժամանակները, ուր միաժամանակ լոյս կը տեսնեն բազմատասնեակ թերթեր աշխարհի չորս ծագերուն, ներառեալ Հայաստանը, որուն հետ սերտ կապեր կը պահէր՝ թէ՛ գիրքերու, թէ՛ մամուլի ճամբով, յատկապէս այս վերջինին:
Ան միշտ ծանօթութիւն կը հաստատէր Երեւանի Ազգային գրադարանի օրուան տնօրէնին հետ, եւ կը պատահէր, որ այս վերջինը իրեն դիմէր՝ խնդրելով այս կամ այն թերթի սա ինչ թիւին կամ թիւերուն լուսապատճէնը, եւ ինք մեծ պատրաստակամութեամբ ու սիրայօժար կ’ընդառաջէր:
Առ այս՝ ան ունէր, կարելի է համարձակ ըսել, սփիւռքի անձնական ամենամեծ գրապահեստը, ասոր կից նաեւ մամուլի հաւաքածոն: Այս իրողութեան վերահասու դարձայ ընտանեկան այցելութեան մը առթիւ:
* * *
Ուրեմն նստած էինք իր բնակարանի շատ նեղ հիւրասենեակին մէջ, ուր դրուած էր համեստ գրադարան մը, որ խոտոր կը համեմատէր իր համբաւին:
-Ա՞յս է գրադարանդ,- հարց տուի՝ յուսախաբութիւնս ծածկելու անյաջող ճիգով մը:
-Գրադարա՞նս… գրապահեստս ըսել կ’ուզես…
Եւ ան ինծի ցոյց տուաւ այդ «գրապահեստը»:
Նախ ելանք իր պապենական տան վերնայարկը, որուն սենեակներուն եւ յարակից տարածքներուն բոլոր պատերը գետնէն-առաստաղ ծածկուած էին դարաններով: Օգտագործուած էին ազատ տարածքներն ալ, ուր հաստատուած էին շարժական պահարաններ՝ դարաններով օժտուած. ասոնք բոլորը անմնացորդ կը յորդէին գիրքերով:
Այս չէր միայն:
Զիս տարաւ մօտակայ ակումբին՝ Ազատամարտի, մէկ մասնաբաժինը կամ անոր պատկանող յարակից կալուած մը, ուրկէ վարձած էր բաւական խոշոր տարածութիւն մը՝ հիւրասենեակի մը տարողութեամբ, եւ օգտագործած էր նոյն ոճով:
Անշուշտ չէի կրնար հարց չտալ, թէ այս բոլորը ինչպէ՞ս կրցած էր ընել ուսուցչական համեստ եկամուտովը՝ միաժամանակ հասնելով ընտանեկան եւ դպրոցական ծախսերուն: Որքա՜ն զոհողութիւն պէտք է արժած ըլլար իրեն եւ իր ընտանիքին այս…մոլորութիւնը: Ճիշդ է, որ կը զբաղէր գրավաճառութեամբ ալ, սակայն կարելի չէ ըսել, թէ «շուկան» կը փայլէր պահանջարկով:
* * *
Այդ շլացուցիչ «գրայց»էն վերադառնալով հիւրասենեակ՝ հարց տուի, թէ հապա ի՞նչ կը ներկայացնէին այնտեղ ցուցադրուած գիրքերը:
-Ասոնք հնատիպեր են,- ըսաւ՝ բանալով պահարանը, եւ այս առթիւ նկատեցի, որ հատորները փաթթուած էին թափանցիկ նայլոնով:
Այստեղ ալ աչքիս զարկաւ «Քննական քերականութիւն» մը:
Խնդրեցի տեսնել՝ միաժամանակ պատմելով անոր իմինին տիրացումիս պարագաները իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով: Ձեռքիս մէջ ունեցածս շատ աւելի ընտիր էր, քան ինծի պատկանողը. ճեփ-ճերմակ թերթերով ու պսպսղուն տառերով:
Ի վերջ պատումիս, երբ իմացաւ վճարած գինս ալ, չկրցաւ զսպել գայթակղութեան ճիչ մը, որ բնազդաբար թռաւ բերնէն: Ու երբ հարցուցի, թէ ինք քանիի՞ տրամադիր էր ծախելու իր ունեցածը, հաւատարիմ իր համեստ ակնկալութիւններուն՝ «250 լո» եղաւ պատասխանը, որ այն օրուան սակով հաւասար էր 50 տոլարի:
* * *
1987-ին Հայ մամուլի ցուցադրութեան հրաւէր մը ստացաւ Լոս-Աճելըսէն:
Ինքնամոռաց ընդառաջեց: Երկար սպասուած առիթ մըն էր:
Յաջողութիւնը կը գլէ-կ’անցնի բոլոր ակնկալութիւնները, եւ պատճառ կը դառնայ, որ ստանայ այլ հրաւէրներ, այլեւ ստիպուի գոհացնել ուրիշ նահանգներու պահանջներն ալ: Իր տարերքին մէջ էր. ու հարբած այս բոլորէն՝ կը մոռնայ, որ դպրոցական վերամուտը հասած է արդէն, եւ ինք պայմանագրութիւն ունի Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին հետ: Այստեղ խնամակալութիւնը երկար սպասեց, սակայն ի վերջոյ ստիպուեցաւ փոխարինել զինք:
Վերադարձին ուրիշ տխուր անակնկալ մըն ալ ըրաւ ինծի. յայտնեց, որ գրադարանը պիտի վաճառուի չեմ գիտեր ամերիկեան ո՛ր հաստատութեան կամ անհատի մը: Ահաւոր էր իմանալ այս մէկը, սակայն նոյնքան ահաւոր պէտք է եղած ըլլար այդ բացայայտումը իրեն համար. իր սովորական առողջ ու լիահագագ շեշտով չէ, որ յայտնեց այս իրողութիւնը: Զգաց նաեւ, որ ազդուած էի ու հարցական նայուածքիս ի պատասխան մրմնջեց.
-Ի՞նչ ընեմ, որո՞ւ ձգեմ այս բոլորը…
Իսկ այդ վաճառքը չյաջողեցաւ:
Տարիները անցան, եւ ժամանակը սկսաւ իր ծանր կնիքը դնել անոր վրայ:
Ամերիկայէն վերադարձէն ետք չյաջողեցաւ կայուն աշխատանք ունենալ, հաստատուելու եւ ինքնաբաւ դառնալու ճիգերն ու որոնումները միշտ ալ ձախողութեան մատնուեցան, ու չկրցաւ կեանքը տնօրինել ցանկացած ձեւով, եւ դառնութեան դաւադիր թաթը բախեց անոր հոգիին դռները:
Մտահոգ էր, կը տառապէր ֆիզիքապէս ալ. սիրտը սկսաւ դաւաճանել, սակայն այնտեղացի չեղաւ. ատենը մէյ մը ձեռքը վզին՝ լծերակին (jugulaire) կը տանէր ու պրկումներ կ’ունենար, քրտինքի կայլակներ կը պատէին դէմքն ու ճակատը: Սակայն կ’անտեսէր բժիշկ մը տեսնելու յորդորները:
-Բան մը չէ, պզտիկ պրկում մը, որ ումպ մը 7up-ով կ’անցնի,- կ’ըսէր սովորաբար:
Մինչեւ որ 1993-ին, կիրակի մը, Պուրճ-Համմուտի քաղաքապետական դաշտին վրայ ֆութպոլի խաղ մը դիտած պահուն, այդ նոյն պրկումը վերջին անգամ մըն ալ եկաւ ու մերժեց «անցնիլ»:
* * *
Մահէն ժամանակ մը ետք այրին հանդիպեցաւ հերթական աննշան խնամքի մը համար:
Ընկճուած էր ու շուարած: Կը զգայի, որ ըսելիք մը ունէր, բայց կը քաշուէր:
-Այս գիրքերը ի՞նչ պիտի ըլլան,- ի վերջոյ հարցուց խոնաւ աչքերով:-Չեմ կրնար անոնց ներկայութիւնը հանդուրժել, կարծես պիտի խեղդուիմ:
Եւ որովհետեւ ինքս ալ լուծում մը չունէի՝ շարունակեց.
-Կարելի՞ է Կաթողիկոսարանի մատենադարանին վաճառել…
Եւ խնդրեց միջնորդութիւնս: Առաջարկեց շատ համեստ գին մըն ալ:
Քանի մը օր ետք խորտակուած հոգիով հանդիպում մը ունեցայ Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին հետ ու պարզեցի առաջարկին մանրամասնութիւնները, եւ ստացայ պատասխան մը, որ բնաւ համատեղելի չէր տիկ. Տէր Խաչատուրեանի ակնկալութեան հետ:
Ուրեմն սրբազանը կը յօժարէր վերցնել այդ պահեստանոցէն իրենց պակսող հատորները միայն, յատկապէս՝ հնատիպերը, ուրիշ ոչ մէկ գիրք, եւ…բոլորովին ձրի:
-Կաթողիկոսարանը վճարովի գիրք գնելու սովորութիւն չունի,- աւելցուց:
* * *
Ամիսներ ետք իմացայ, որ Լոնտոնի անգլիական գրադարանի Հայկական մասնաբաժնի պատասխանատուն՝ հայ քահանայ մը, գնած ու հետը տարած է ամբողջ գրապահեստը:
Արմենակ Եղիայեան