Զբօսաշրջային առումով Արցախի ամենայայտնի վայրերէն մէկը՝ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանի, դռները արդէն բաց են այցելուներուն: Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ համայնքի տարածքին մէջ գտնուող թանգարանը իր բացման օրէն՝ 2004_էն ի վեր առաջին անգամ փակուած էր 27 Սեպտեմբերի 2020-ին՝ պատերազմի սկսած օրը: Այսօր արդէն վերանորոգուած, համալրուած ցուցադրութեամբ տուն-թանգարանը պատրաստ է ընդունելու յայտնի հասարակական, քաղաքական, ռազմական գործիչներ Նիկոլ Դումանի, Խանասորի Վարդանի կեանքով ու գործունէութեամբ, ազգագրական նիստուկացով, աւանդական ուտեստներով հետաքրքրուող զբօսաշրջիկները: Թանգարանի հիմնադիր Սերկէյ Շահուէրդեան կարեւոր կը համարէ թանգարանի վերաբացումը քանի մը առումներով. «Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ բնականոն կեանքը Արցախի մէջ օր առաջ վերականգնուի, մեզի համար շատ կարեւոր է, որ զբօսաշրջիկները մանաւանդ, երբ ահռելի քանակութեամբ զբօսավայրեր կորսուած են պատերազմի հետեւանքով, տեղ ունենան այցելելու: Այդ պատճառով որոշեցինք օր առաջ վերաբանալ»: Տուն-թանգարանին մէջ կան իջեւանելու պայմաններ, ազգային-աւանդական ճաշատեսակներ համտեսելու կարելիութիւն, դրամահատման գործիք, իսկ ստացած տպաւորութիւնները կարելի է յաւերժացնել ակնթարթային լուսանկարներու միջոցով: Նախքան պատերազմը եւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը, թանգարանի տարածքին մէջ նաեւ ազգագրական նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպուէին: Սերկէյ Շահուէրդեան յայտնած է, որ զբօսաշրջային հոսքի վերականգման զուգահեռ պիտի վերսկսի նաեւ այդ ծառայութիւններու մատուցումը: