«Արմէնփրէս».- Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ «վերանորոգութեան աշխատանքներ»ու անուան տակ, Ատրպէյճան կ՛աղաւաղէ հայկական հոգեւոր մշակութային արժէքներէն մէկը՝ նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայկական ներկայութիւնը եւ հետքը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ անդրադառնալով ատրպէյճանցիներուն կողմէ եկեղեցւոյ մէջ տարուող «շինարարական աշխատանքներուն»: «Ատրպէյճանը չի կրնար վերականգնել ժողովուրդի մը մշակութային արժէքը, որուն նկատմամբ տարիներ շարունակ պետական մակարդակով համակարգուած ատելութիւն տարածուած է: Այսպէս կոչուած «նորոգման աշխատանքներու» քօղին տակ ատրպէյճանցիները կ’աղաւաղեն հայկական հոգեւոր մշակութային կարեւորագոյն արժէքներէն մէկը՝ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին: Բազմաթիւ դէպքերով մենք տեսած ենք, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը կը վերաբերի հայկական մշակութային արժէքներուն, եւ արդէն իսկ հասկնալի է, թէ «վերանորոգման աշխատանքներու» անուան տակ իրականութեան մէջ ինչ կատարուած է. նպատակը հայկական ներկայութիւնն ու հետքը ոչնչացնելն է», յայտնեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Ան շեշտեց, որ տարիներով Ատրպէյճան վարած է Արցախի մէջ հայկական քրիստոնէական մշակոյթը՝ իբրեւ ալպանական ներկայացնելու կամ այլ ազգերու վերագրելու պետական քաղաքականութիւն, որ բազմաթիւ քննադատութեան արժանացած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու կողմէ՝ պարզ այն պատճառով, այդ փորձերը անհիմն են թէ՛ պատմական ժամանակագրութեան, թէ՛ մշակութային- ճարտարապետական առանձնայատկութիւններու տեսանկիւնէն: «Եթէ Ատրպէյճանը իրօք կը հոգայ մշակութային արժէքներու պահպանութիւնը եւ «կը վերանորոգէ» , ապա մեծ հարց կ’առաջանայ՝ ի՞նչ է պատճառը, որ մինչեւ այսօր չէ թոյլատրած, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի անկախ փորձագիտական խումբը ժամանէ տարածաշրջան: Ատրպէյճանի կողմէն հայկական մշակոյթին նկատմամբ իրականացուող վանտալիզմի մասին մենք ամէն օր կը բարձրաձայնենք՝ միջազգային համապատասխան կառոյցներուն տեղեկացնելով կատարուածին մասին», նշեց Ստեփանեան: Ան աւելցուց, որ հարցը քննադատութիւններէ կամ կոչերէ անդին չ՛անցնիր, յստակ եւ ճշգրիտ քայլերու անհրաժեշտութիւն կայ: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նկատել տուաւ, որ թողտուութիւնը եւ անպատժելիութիւնը Ատրպէյճանի սանձարձակ պահուածքին հիմնական պատճառներն են: