«Էրմէնիհապեր».- Թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet»  թերթի  լրագրող Մուսթաֆա Պիրօլ Գիւգեր իր սիւնակին մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Իրանին ունեցած պաշտօնական դիրքորոշումին:

Յօդուածի հեղինակը հետեւեալ շեշտադրումները ըրած է.  «Իրան, որ կը հանդիսանայ  Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն գրեթէ շրջափակման մէջ գտնուող Հայաստանի հիմնական առեւտրային գործընկերը,  պաշտօնապէս չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պատճառը այն է, որ Իրան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ: Բայց տարածաշրջանային   շարք մը հարցերուն մէջ, օրինակ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին մէջ Իրան անցած է Հայաստանի կողմը»:

Մուսթաֆա Պիրօլ Գիւգեր նաեւ դիտել տուած է, որ Իրանի բազմաթիւ ղեկավարներ, ինչպէս օրինակ Իրանի նախկին նախագահ Մոհամմէտ Խաթամին, ժամանակին այցելած է Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

«Աւելին, 2010-ին Իրանի փոխնախագահ Համիտ Պաղայի Թուրքիան դատապարտած է ցեղասպանական գործողութիւններուն համար: Երկու երկիրներու միջեւ ճգնաժամի պատճառ  դարձած էր», կը յիշեցնէ յօդուածին հեղինակը:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը թուրք վերլուծաբանը կը ներկայացնէ ժխտողականութեամբ` զայն ընդամէնը հայկական շրջանակներու կողմէն կատարուող  պնդում համարելով։