«Հորիզոն».-Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Մայքըլ Չոնկ եւ Նիքի Աշթըն, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Լիօ Հուսաքոս դատապարտած են Սիւնիքի սահմանգիծին իրականացուող ատրպէյճանական կամայական ՀՀ սահմանատարածք ներխուժելու բռնարարքները։

Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մաիքըլ Չոնկ կոչ ուղղեց Քանատայի կառավարութեան, որպէսզի դիրքորոշուի ի նպաստ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան։

Նոր Դեմոկրատատական կուսակցութեան անդամ Նիքի Աշթըն նոյնպէս կոչ ուղղեց Քանատայի կառավարութեան, որ դատապարտէ Հայաստանի սահմանագծին վրայ թրքական աջակցութեամբ ատրպէյճանական սահմանախախտումի փորձերը՝ որպէս միջազգային օրէնքները խախտող արարք։

Քանատայի Ծերակոյտի անդամ Լիօ Հուսաքոս իր կարգին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի ոտնահարումը վտանգաւոր եւ անօրինական նախայարձակում է։