«Էր­մէ­նի­հա­պէր» կը յայտ­նէ, որ թր­քա­կան Gazeteduvar ընդ­դի­մա­դիր լրատ­ուա­կան կայ­քի վեր­լու­ծա­բան Միւհ­տան Սաղ­լամ անդ­րա­դար­ձած է Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի դիր­քո­րո­շում­նե­րու տար­բե­րու­թեան պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն դէմ Իս­րա­յէ­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հար­ցով:
Ան դի­տել տուած է, որ թէ­եւ Թուրք­ի­ան Իս­րա­յէ­լը դա­տա­պար­տող կո­չե­րով հան­դէս կու գայ, սա­կայն Թուրք­իոյ ամե­նամ­տե­րիմ դաշ­նա­կից Ատր­պէյ­ճա­նը այս հար­ցին մէջ լռու­թիւն կը պա­հէ:
Սաղ­լամ  ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մէն Իս­րա­յէ­լը դա­տա­պար­տող յայ­տա­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւնը կը բա­ցատ­րէ 2 եր­կիր­նե­րու սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով: Անոնք, ըստ իրեն, ծա­ւա­լած են յատ­կա­պէս զի­նուո­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նա­եւ տն­տե­սա­կան կա­պե­րով: Այս իմաս­տով հե­ղի­նա­կը հա­մա­ռօտ կեր­պով կը ներ­կա­յաց­նէ վեր­ջին տաս­նամ­եա­կին Իս­րա­յէ­լի ու Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծակ­ցու­թեան որոշ դր­ուագ­նե­րու ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւնը:
Սաղ­լա­մի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ այժմ Իս­րա­յէ­լի նաւ­թամ­թեր­քի 40 առ հա­րիւ­րը կը մա­տա­կա­րար­ուի Ատր­պէյ­ճա­նէն: Իսկ պաշտ­պա­նու­թեան ոլոր­տին մէջ, իբ­րեւ թէ, Իս­րա­յէ­լի հետ Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­ճառ­նե­րէն է նա­եւ Ռուս­իոյ հա­յաս­տա­նա­մէտ դիր­քո­րո­շու­մը, ինչ որ Պա­քուն մղած է զէնք գնե­լու հա­մար Մոսկ­ուա­յէն բա­ցի այ­լընտ­րանք փնտ­ռե­լու:
2012-ին Իս­րա­յէ­լէն Ատր­պէյ­ճա­նի գնած զէնք-զի­նամ­թեր­քին ծա­ւա­լը գե­րա­զան­ցած է 1,6 մլր. տո­լա­րը: 2016-ին Պա­քուն Իս­րա­յէ­լէն ար­դէն գնած էր ընդ­հա­նուր առ­մամբ 6 մլր. տո­լա­րի ար­ժո­ղութ­եամբ զի­նամ­թերք: Զէն­քի վա­ճառ­քին զու­գա­հեռ հր­է­ա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նուոր­նե­րուն հա­մար յա­տուկ դա­սըն­թացք­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն, եւ իրենց հա­մար կա­րե­ւոր հե­տա­խու­զա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ւա­քեն: Պաք­ուի օդա­կա­յա­նի ապա­հո­վու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կե­րու­թիւնը Թել Աւիւէն է:
Իս­րա­յէ­լա­կան «Հա­ա­րեց» թեր­թը բա­ցա­յայ­տած է Ալի­ե­ւի ըն­տա­նի­քին՝ Իս­րա­յէ­լի մէջ գնած 6 մլն. տո­լար­նոց առանձ­նա­տու­նը եւ այլ ոլորտ­նե­րու մէջ իրա­կա­նա­ցու­ցած աւե­լի քան 600 մլն. տո­լար ար­ժող ներդ­րում­նե­րը: Ալի­եւ առող­ջա­կան հար­ցեր ու­նե­ցած ատեն օգտ­ուած է իս­րա­յէլ­ցի բժիշկ­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն: Մեհ­րի­պան Ալի­ե­ւա­յի գլ­խա­ւո­րած Հայ­տար Ալի­ե­ւի հիմ­նադ­րա­մը  կը գոր­ծակ­ցի իս­րա­յէ­լա­կան նմա­նօ­րի­նակ հիմ­նադ­րամ­նե­րու հետ: Եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւնը շատ աւե­լի մեծ է քան վե­րո­շա­րադր­եա­լը, սա­կայն նոյ­նիսկ այդ­քան սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, ըստ յօդ­ուա­ծի հե­ղի­նա­կին, Պա­քուն մին­չեւ այ­սօր կը խու­սա­փի հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն իս­րա­յէ­լա­մէտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէ՝ զգու­շա­նա­լով իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի անդ­րա­դար­ձէն: