Ինչ­պէս միշտ, գե­ղե­ցիկ եւ ազն­ուա­կան, ըն­կե­րա­սէր եւ փափ­կան­կատ,  բա­րի ժպի­տով եւ ազ­նիւ հոգի­ով օժտ­ուած տիկ. Մար­լէ­նը զիս կ’ուղ­ղէ դէպի սեն­եա­կին ան­կիւ­նի բազ­կա­թո­ռը։
Հիւ­րըն­կա­լի աճող զուար­թութ­եամբ բա­րի գա­լուստ կը մաղ­թէ, ապա մա­նի­շա­կա­գոյն ան­մո­ռու­կով սուր­ճի լե­ցուն գա­ւաթ մը, կող­քին պաղ ու զու­լալ ջու­րը ար­ծա­թ­եայ ափ­սէ­ով մը կը հրամց­նէ։
Ձա­խիս՝ պա­տին մէկ ան­կիւնը կը ծած­կէ պարս­կա­կան մե­տաքս­եայ գորգ մը, որ պատ­մա­կան դր­ուագ­նե­րու պատ­կեր­նե­րով խոր­հուրդ մը կը յու­շէ, Աւա­րայ­րի դաշտին պատ­կե­րը գե­րիշ­խող է հոն։ Գոր­գին կող­քը, պա­տին յե­նած է ատախ­ձէ հին պա­հա­րան մը, որուն մէջ նր­բա­ճա­շակ հա­մադ­րութ­եամբ մը  շար­ուած են ձե­ռա­գործ ար­ծա­թ­եայ պա­յու­սակ­ներ, տու­փիկ­ներ, որոնց վրայ փո­րագր­ուած են  Գա­րե­գին Նժ­դե­հի եւ Սօ­սէ Մայ­րի­կի անուն­նե­րը։ Անոնց շար­քին, մուգ կա­պոյտ, թաւշ­եայ փոք­րիկ տու­փի մը մէջ պահ­ուած են եր­կա­րամ­եայ ծա­ռա­յու­թեան շքան­շան­ներ, որոնք աշ­խա­տան­քով իմաս­տա­ւոր­ուած օրե­րու բա­րո­յա­կան գնա­հա­տան­քը կը խտաց­նեն։ Պա­հա­րա­նին յա­տա­կը եր­կու հնա­դար­եան սր­բա­պատ­կեր­ներ ու­շադ­րու­թիւնս կը գրա­ւեն, մին՝ իտա­լա­կան ման­րան­կար­չութ­եան դպ­րո­ցին պատ­կա­նող, միւ­սը՝ բիւ­զան­դա­կան։ Սեն­եա­կին կեդ­րո­նը կը հանգ­չի ռու­սա­կան սր­բա­պատ­կեր մը՝ յոյն Սուրբ Նի­կո­ղա­յոս Հայ­րա­պե­տը… եւ այս­պէս՝ այ­լա­զան զար­դե­ղէն­ներ քո­վ-քո­վի շար­ուած, ըն­տա­նե­կան յի­շա­տա­կե­լի պատ­կեր­ներով հարստացած, փոք­րիկ թան­գա­րանի մը վերածած են սեն­եա­կը ու քա­րե­րուն հո­գի տուած։ Սեն­եա­կին պա­տե­րը հան­րա­ծա­նօթ պրն. Վա­հէ­ին՝ «Թիւ­թիւնճ­եան եղ­բայր­ներ»ուն ար­տածած թղ­թ­եայ ծած­կոյ­թով գոյն առած են։
Քե­սա­պի մեր դրա­ցու­հին՝ տիկ. Մար­լէ­նը յի­շո­ղու­թեանս մէջ կը պատ­կեր­ուի յա­ճախ Քե­սա­պի բնա­կա­րա­նի իրենց պատշ­գա­մը նըս­տած,  ձեռ­քը ան­պայ­ման գիրք մը կամ  ձե­ռա­գործ մը։ Թոռ­նե­րուն չա­րաճ­ճիու­թիւնը, կամ մեր տու­նէն բարձ­րա­ցող աղ­մու­կը եր­բեք զինք չէ­ին խան­գա­րեր։ Ան համ­բե­րու­թեամբ իր չորս կող­մը կը հա­ւա­քէր փոք­րիկ­նե­րը եւ պատ­մու­թիւն կը պատ­մէր։
Ման­կու­թե­նէն ըն­թեր­ցա­սէր եղած ու մէկ առ մէկ կար­դա­ցած էր Շիր­վան­զան­դէի, Ռաֆֆիի, Թոլս­թո­յի գիր­քե­րը… Այդ էր պատ­ճա­ռը հա­ւա­նա­բար, որ երբ կը խնդ­րէի որ պատ­մէ իր անց­եա­լի օրե­րէն, մտա­ծում­նե­րը ան­կաշ­կանդ, ամէն ուղ­ղու­թեամբ կ’ար­շա­ւէ­ին։
Տիկ. Մար­լէն իր ման­կու­թեան ու­րախ յի­շա­տակ­նե­րուն թա­խիծ մըն ալ խառ­նե­լով նախ կը պատ­մէր ծնող­նե­րուն ու պա­պե­րուն մա­սին։
Ծնող­ներս առա­ջին Հա­լէպ հաս­տա­տուող­նե­րէն եղած են։ Հայրս եւ մայրս Քի­լի­սի ծնունդ են։ Մօ­րե­նա­կան մեծ հայրս վա­ճա­ռա­կան էր, Դա­մաս­կոս ապ­րած, ապա Հա­լէպ հաս­տատ­ուած։ Հօրս պա­րա­գան տար­բեր եղած է։ Հօ­րե­նա­կան մեծ հայրս, գաղ­թա­կա­նու­թե­նէն վերջ, մի­ջին տա­րի­քին մա­հա­ցած է, մեծ մայրս ալ զա­ւակ­նե­րը առ­նե­լով փախ­չած է դէ­պի Հոմ­սի Սա­լամիէ գիւ­ղը։ Սա­լամի­էի մէջ իր երկու դուստրերը՝ Պի­աթ­րիսն ու Տիգ­րա­նու­հին առե­ւանգ­ուած են թուր­քե­րու կող­մէ։ Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ան  հոս ու հոն փնտ­ռած ու հար­ցու­ցած է անոնց մա­սին, սա­կայն չէ գտած զի­րենք։ Աչ­քե­րուն մէջ զուսպ ար­ցուն­քը կը նկա­տէ­ինք յա­ճախ, սա­կայն մեծ մայրս ցա­ւը չէր ար­տա­յայ­տեր։ Այդ­պէս ալ հո­գին աւան­դեց՝ առանց գտ­նե­լու իր առե­ւանգ­ուած դուստ­րե­րը։ Ութ­սու­նա­կան­նե­րուն, երբ Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փա­ռը Հա­լէպ այ­ցե­լեց, «Նա­տի Հա­լէպ»ի մէջ խօսք առ­նե­լով յի­շեց, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն թուր­քե­րու կող­մէ մե­ծա­թիւ հայ մա­նուկ­ներ առե­ւանգ­ուած են, խլ­ուած իրենց ծնող­նե­րէն, ու տա­րի­ներ ետք արաբ­ներ եւ քիւր­տեր խոս­տո­վա­նած են, որ իրենց մեծ մայ­րե­րը հա­յեր եղած են։ Հայրս այն­քան ազդ­ուած էր այս դէպ­քէն, որ եր­բեք Եղեռ­նի օրե­րուն մա­սին չէր ու­զեր խօ­սիլ։ Կո­րուս­տի ցա­ւը սիր­տը կը կր­ծէր։
Հայրս՝ Գրի­գո­րը, որ  Նա­տիր անու­նով ծա­նօթ էր,  զար­գա­ցած մարդ էր, բա­րե­կամ­նե­րը հա­մալ­սա­րա­նի ու­սու­ցիչ­ներ էին։ Ֆրան­սե­րէն լեզ­ուին տի­րա­պե­տած էր ու  յա­ճախ ֆրան­սե­րէն L’orient- Le Jour թեր­թը կար­դա­լով նոր միտ­քեր կը քա­ղէր ու ինք ալ իր կար­գին նո­րու­թիւն­ներ կը  մու­ծէր լու­սան­կար­չու­թեան իր ար­հես­տին մէջ։ Ար­ուես­տա­սէր էր, ծա­ղի­կի մը մօտ ժա­մե­րով կը սպա­սէր մեղ­ուի մը մօ­տե­նա­լուն, կամ կատ­ուի մը տա­նի­քէ – տա­նիք ցատ­քե­լուն, որ­պէս­զի նկա­րէր։ Ժեզ­ուիթ վար­դա­պետ­նե­րը երբ Նա­րե­կը ֆրան­սե­րէ­նի թարգ­մա­նե­ցին եւ ձե­ռա­գիր մատ­եա­նի վե­րա­ծե­ցին, հօրս տուին մատեանը հայ­կա­կան նախ­շե­րով հարս­տաց­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւնը։
Մայրս՝ Նեկ­տա­րը, տան­տի­կին էր։ Ան միշտ կը թե­լադ­րէր աշ­խա­տիլ, ազատ ժա­մե­րը օգ­տա­կար գոր­ծե­րով լեց­նել։ Իսկ ամ­րան դա­սըն­թացք­նե­րու կ’ար­ձա­նագ­րէր մեզ ան­պայ­ման։ Կի­րակ­նօր­եայ դըպ­րոցը, այդ օրե­րուն Պէյթ  Ղա­զա­լէի մէջ էր։ Հնա­տիպ այդ կա­ռոյ­ցը, որ հե­տա­գա­յին նա­եւ ծա­ռա­յեց որ­պէս Ազգ. Հայ­կազ­եան վար­ժա­րա­նի տղոց բա­ժին, բազ­մա­թիւ սեն­եակ­ներ ու­նէր, արե­ւել­եան ոճով զար­դար­ուած սիւ­ներ, կա­մար­ներ, երբ մեր ձեռ­քե­րը անոնց մար­մա­րին քսէ­ինք, անուշ բոյր մը կու գար անոնց­մէ։ Հե­տա­գա­յին արե­նու­շա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան ալ կը մաս­նակ­ցէ­ինք այդ կա­ռոյ­ցին մէջ։
Ու շա­րու­նա­կե­լով խօս­քը կը պատ­մէ Հա­լէ­պի նշա­նա­ւոր Ճի­տէյտիէ շր­ջա­նին մա­սին։
ևԵս ու քոյ­րերս՝ Հիլ­տան եւ Նել­լին, նախ Հայ­կազ­եան ապա Քա­րէն Եփ­փէ Ազգ. ճե­մա­րան աւար­տած ենք։ Մեր բնա­կա­րա­նը Ճտէյտի­էի ոս­կե­րիչ­նե­րու շու­կա­յին դի­մա­ցի թաղն էր, յա­րա­կից Սր­բոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր եկե­ղեց­ւոյ եւ Ազգ. Հայ­կազ­եան վար­ժա­րա­նի տղոց բա­ժի­նին։ Այդ շր­ջա­նի արե­ւել­եան ըն­դար­ձակ բա­կե­րով տու­նե­րուն մէջ մէ­կէ աւե­լի հայ ըն­տա­նիք­ներ կը բնա­կէ­ին։ Մեր տան բա­կը գե­ղե­ցիկ էր, դրա­ցի­նե­րով կ’օգ­տա­գոր­ծէ­ինք զայն, սա­կայն կա­յին աւե­լի փոքր տու­ներ, որոնք մէկ ըն­տա­նի­քի կը պատ­կա­նէ­ին, ինչ­պէս քեռի­իս տու­նը եւ Ան­տոն­եան­նե­րու­նը։ Մեր թա­ղի հե­րո­սը դաշ­նակ­ցա­կան Թաուիլ Իւ­սէֆն էր։ Հս­կայ մարդ մըն էր ան, բո­լո­րին յար­գան­քը կը վա­յե­լէր եւ իր բազ­մա­թիւ օտար բա­րե­կամ­նե­րուն շնոր­հիւ օգ­տա­կար կը դառ­նար ազ­գին։ Այդ օրե­րուն թա­ղե­րը անուն ու­նէ­ին, օրի­նակ՝ մա­րաշ­ցի­նե­րուն թա­ղը, սան­ճաք­ցի­նե­րու­նը եւ այլն։ Բնակարանները հա­րուստ էին գե­ղե­ցիկ ու արե­ւել­եան բա­կե­րով, որոնց մէջ շատր­ուան­նե­րը ան­պա­կաս էին։ Այդ տու­նե­րէն եր­կու­քը, տա­րի­ներ ետք, «Քան­թա­րա» եւ «Եաս­մին» ճա­շա­րան­նե­րուն վե­րած­ուե­ցան։ Մեր տու­նը «Քան­թա­րա»ին դի­մացն էր։ Որ­քան խո­րա­նա­յիր թա­ղին մէջ, այն­քան գե­ղե­ցիկ ճար­տա­րա­պե­տութ­եամբ կա­ռուց­ուած տու­նե­րու կը հան­դի­պէ­իր։
Ազն­ուա­կան խա­ւի արաբ քրիս­տոն­եայ ըն­տա­նիք­ներ ալ այն­տեղ կը բնա­կէ­ին, ինչ­պէս՝  Պէյթ ալ Պա­լիթ ըն­տա­նի­քը եւ այլն։ Մեր տու­նէն կը լս­ուէր Երեք Ան­թե­լի եւ շր­ջա­նի բո­լոր եկե­ղե­ցի­նե­րու զանգերուն ղօ­ղանջ­ը, Ազգ. Հայ­կազ­եան ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի աշակերտներուն աղմուկը։ Շր­ջա­նը մեծ շու­կայ մըն ալ ու­նէր, իսկ ամէ­նէն հան­րա­ծա­նօթ բժիշ­կը տոքթ. Ղա­զար Ղա­զար­եանն էր, որուն դար­մա­նա­տու­նը «Խան­տաք» կը գտն­ուէր: Ման­կու­թեանս յա­ճախ կը խա­ղա­յի թա­ղի արա­բա­խօս եւ հայ փոք­րիկ­նե­րուն հետ, անոր հա­մար ալ արա­բե­րէ­նը բեր­նիս մէջ սա­հուն կեր­պով կը դառ­նար։ Դա­սերս առանց որե­ւէ մէ­կուն օգ­նու­թեան կը պատ­րաս­տէի։ Երբ լաւ նի­շե­րով աւար­տե­ցի ու­սումս, փա­փա­քե­ցայ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւիլ, սա­կայն ծնողքս, ինչ­պէս այդ տա­րի­նե­րու բո­լոր ծնող­նե­րը, օտար հա­մալ­սա­րան­ներ չէ­ին ու­զեր ղր­կել իրենց դուստ­րե­րը, կը խու­սա­փէ­ին օտար­նե­րու հետ շփում­նե­րէն, տա­կա­ւին օտա­րու­թեան մէջ ապ­րե­լու վա­խը, անո­րո­շու­թիւնը տի­րող էին։
Տիկ. Մար­լէն ինը ամիս որ­պէս տնօ­րէ­նու­հի պաշ­տօ­նա­վա­րած է Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նէն ներս, ապա ամուս­նու­թեան պատ­ճա­ռով լքած է պաշ­տօ­նը։ Ու­նի երեք զա­ւակ, եօ­թը թոռ­նիկ եւ եր­կու ծոռ։ Ան անոնց հա­մար բրդ­եայ ծած­կոց կը հիւ­սէր ու նկա­տել կու տար.
ևՎս­տահ եմ որ շու­կան աւե­լի գե­ղե­ցիկ ծած­կոց­ներ պի­տի գտ­նեն, բայց կ’ու­զեմ ձեռ­քիս գոր­ծը նուի­րել ձա­գուկ­նե­րուս։
Երբ ու­զե­ցի իմա­նալ հինգ ճա­ղով (միլ) ծած­կոց հիւ­սե­լու գաղտ­նի­քը, ան համ­բե­րու­թեամբ բա­ցատ­րեց.
ևԱյս գոր­ծը trico d’art  կը կոչ­ուի, իտա­լա­կան ու ֆրան­սա­կան պար­բե­րա­կան­նե­րուն մէջ հիւ­սե­լու բա­ցատ­րու­թիւնը պատ­կեր­նե­րով կը հրա­տա­րակ­ուէր, «շե­մա» կը կո­չէ­ինք զայն։ Դի­տե­լով եւ փոր­ձե­լով նախ կը հիւ­սէի քա­ռա­կու­սի­ներ, ապա եռան­կիւն­ներ, ետ­քը անոնք իրար մի­աց­նե­լով նոր տե­սա­կի մո­թիֆ­ներ կը կազ­մէի։ Յա­ճախ կ’ընտ­րէի դժ­ուար մո­թիֆ­նե­րը եւ հա­ճոյ­քով կ’աշ­խա­տէի մեծ կտոր­ներ։ Այս ձե­ռա­գոր­ծը նա­եւ կոյ­րե­րու գործ կը կոչ­ուէր, մեր հայ դրա­ցու­հին հինգ ճա­ղով գուլ­պայ կը հիւ­սէր, մէկ կտո­րով տոպ­րա­կի նման, առանց կարկ­տա­նի։
Տի­կին Մար­լէ­նին պա­տում­նե­րով սե­րուն­դի մը կեան­քը կ’ուր­ուագծ­ուի՝ իր յա­տուկ ապ­րե­լա­կեր­պով, սո­վո­րու­թիւն­նե­րով, ապ­րած դժ­ուար եւ ու­րախ օրե­րով։ Հա­լէ­պի հա­յա­հոծ շրջան­նե­րուն սկզբ­նա­կան վիճակը կը պարզ­ուի։ Հի­մա որ­քան փոխ­ուած է ամէն բան, հայ ըն­տա­նիք­ներ արե­ւել­եան այդ գե­ղե­ցիկ թա­ղե­րէն փո­խադր­ուած են քա­ղա­քի կեդ­րոն­ներ եւ ծայ­րա­մա­սեր, Ճը­տէյտի­էի շր­ջա­նը ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րած­ուած է զբօ­սաշր­ջու­թեան վայ­րի, հնու­թիւն­նե­րը պահ­պան­ուած են որ­պէս քա­ղա­քի մշա­կոյ­թին ու քա­ղա­քակր­թու­թեան խորհր­դա­նի­շները, եկե­ղե­ցի­նե­րը նոյն­պէս։ Բնա­կա­նա­բար սուր­ի­ա­կան վեր­ջին պա­տե­րազ­մը այդ շր­ջա­նը քա­րու­քանդ ըրաւ, սա­կայն շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կր­կին կեանք տուին այդ թա­ղե­րուն ու անոնք աս­տի­ճա­նա­բար բա­նուկ դարձան։
Տի­կին Մար­լէն նախ­քան իր խօս­քին աւար­տը գաղտ­նիք մըն ալ պար­զեց.
ևԳի­տէի՞ր, որ ես եր­կու մա­յր եւ եր­կու հայր ու­նե­ցած եմ։ Թէ­եւ Մար­լէն Չափ­րազ­եան եմ, բայց անձ­նա­թուղ­թի անու­նով՝ Մա­րի Տէ­միր­ճի։ Ազ­նիւ մօ­րա­քոյրս եւ ամու­սի­նը՝ Ճոր­ճը, զա­ւակ չու­նէ­ին, զիս որ­դեգ­րե­ցին։ Ու ես պար­զա­պէս իրենց անու­նը կրե­ցի՝ ապ­րե­լով իմ ըն­տա­նի­քիս մէջ։ Անոնց հա­մար մխի­թա­րանք էր ու­նե­նալ դուստր մը, ու յա­ճախ տար­բեր նուէր­նե­րով այ­ցե­լել անոր։
Մօ­րա­քոյրս շի­րէ­ճի Ազ­նիւ կը կոչ­ուէր, որով­հե­տեւ խա­ղո­ղի ռուպ եւ պաս­տըղ պատ­րաս­տե­լու հա­մար փոքր գոր­ծա­րան մը հիմ­նած էր։ Ան  չորս յար­կա­նի բնա­կա­րան մը աշ­խա­տա­նո­ցի վե­րա­ծած էր։ Գետ­նա­յար­կը՝ հայ, երի­տա­սարդ գոր­ծա­ւոր­ներ  խա­ղո­ղը կը քա­մէ­ին, պա­րան­նե­րէ անց­նող թոյ­լե­րով երկ­րորդ յարկ կը ղր­կէ­ին։ Խա­ղո­ղին հիւ­թը մեծ կաթ­սա­նե­րուն մէջ ռու­պի կը վե­րած­ուէր, որ­մէ ետք օս­լա­յով կ’եփ­ուէր շի­րէն։ Եր­րորդ յար­կին մէջ հայ օրի­որդ­ներ ըն­կոյ­զը նախ թր­ջե­լով թե­լե­րու կ’ան­ցը­նէ­ին, ապա շի­րէ­ին մէջ  քա­նի  մը ան­գամ թաթ­խե­լով տա­նի­քը պա­րան­նե­րու  վրայ կը կա­խէ­ին, մաս մըն ալ ճեր­մակ սա­ւան­նե­րու վրայ կը փռէ­ին, որ­պէս­զի պաս­տը­ղի վե­րած­ուի, իսկ կտրտ­ուած­ներն ու ծու­ռե­րը փաթ­թոց կ’ընէ­ին։ Քէս­մէ ալ կը շին­ուէր անոնց­մով։ Անոնք շատ հա­մեղ սու­ճուխ­ներ կ’ար­տադ­րէ­ին։
Աշ­խա­տան­քի այս­պի­սի սո­վո­րու­թիւն­ներ կա­յին այդ տա­րի­նե­րուն Հա­լէ­պի մէջ։ Հա­յու­հի­նե­րը ազ­գա­յին կեան­քին ալ կը ծա­ռա­յէ­ին՝ գա­ղու­թի կեան­քի կազ­մա­կեր­պու­մին ու հա­յա­պահ­պա­նու­մին նպաս­տե­լով։ Բո­լորն ալ սի­րով, նուի­րու­մով իրենց ժա­մե­րը կը յատ­կաց­նէ­ին ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան։ Այդ ծա­ռա­յու­թեան շքան­շան­նե­րը վկա­յա­կան­նե­րու հա­մա­զօր էին, որով­հե­տեւ հայ տի­կին­ներ աշ­խա­տան­քի ու ըն­տա­նի­քի իրենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կող­քին, սե­րունդ կը դաստ­ի­ա­րա­կէ­ին, հա­մայն­քին բա­րե­լաւ­ման կը նպաս­տէ­ին ու ոչ մէկ հայ կա­րօտ­եալ կը մնար շնոր­հիւ միու­թիւն­նե­րուն եւ ժրա­ջան միու­թե­նա­կան­նե­րու բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տան­քին։ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, տն­տե­սա­կան եւ հո­գե­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով յաղ­թա­հա­րած է սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քը, ինչ­պէս այլ հա­մայնք­ներ։
Տի­կին Մար­լէնն ալ մաս կազ­մած է ծա­ռա­յա­սէր հա­յու­հի­նե­րուն փա­ղան­գին.
ևԵղած եմ ՍՕԽ-Ազգ.Պատս­պա­րա­նի, Առող­ջա­պա­հա­կան եւ Կր­թա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ։ Կրթական յանձնախումբը Ար­փի Սա­պունճ­եա­նը հիմ­նեց, անոր դրոշմն ու ներդ­րու­մը ակն­յայտ էին։ Ան ար­տա­քին աշ­խար­հին հետ մըշ­տա­կան կա­պեր ու­նե­նա­լով  կը բա­րե­լա­ւէր միու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան դաշ­տը։ 1987-ին եղած եմ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վար­չու­թեան ան­դամ։ Այդ օրե­րուն  բա­ւա­կան մեծ գու­մար­ներ հա­ւա­քե­ցինք:
Տի­կին Մար­լէ­նը իր խօս­քը կ’եզ­րա­փա­կէ նոր սե­րուն­դին ուղղ­ուած նա­խա­դա­սու­թեամբ մը.
ևՍի­րել, ծա­ռա­յել եւ ամ­բողջ հոգի­ով նուիր­ուիլ, առանց փո­խա­րէ­նը ակն­կա­լու­թիւն մը ու­նե­նա­լու։ Միու­թե­նա­կան աշ­խա­տան­քը այս կը պա­հան­ջէ։
Սիրան Աւընեան