«Ակունք».-Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Սարգիս կիսաւեր հայկական եկեղեցին ապօրինաբար մտած եւ եկեղեցւոյ կիսաքանդ ըլլալուն հետեւանքով վնասուածք ստացած թուրք քաղաքացի Եըլմազ Օրեք բողոք  ներկայացուցած է Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամին դէմ, որուն հիման վրայ դատախազութիւնը հետաքննութիւն  սկսած է:

Akunq.net-ի փոխանցումով, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:

Աղբիւրին փոխանցումով` Սուրումի մէջ գտնուող 500-ամեայ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, կիսաւեր վիճակի մէջ է պետութեան կողմէն չպահպանուելուն հետեւանքով: Թէեւ եկեղեցի մուտք գործելը արգիլուած է , սակայն 16 տարեկան թուրք քաղաքացի մը` Եըլմազ Օրեք, ընկերներուն հետ զբօսնած է եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ վնասուածք ստացած է, որուն համար բողոքով դիմած է դատախազութիւն: Բողոքի հիման վրայ հետաքննութիւն սկսած է Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամին դէմ, որ պատասխանատու է նաեւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ համար:

Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի անդամ Կաֆուր Թիւրքայ (Օհաննէս Օհանեան) յայտնած է, որ հիմնադրամը չի ընդունիր իրեն ուղղուած մեղադրանքները, եկեղեցւոյ քարերը գողցուած են, հիմնադրամը Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պահպանութեան տակ վերցնելու խնդրանքով դիմած է համապատասխան մարմիններուն, եւ քաղաքացիին` վնասուածք ստանալու դէպքը կրնայ պատահած ըլլալ եկեղեցւոյ քարերը գողնալու ընթացքին:

Թրքական աղբիւրը յայտնած է, թէ հակառակ որ 500-ամեայ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի մտնելը արգելուած է , սակայն 14 Դեկտեմբեր 2019-ին եկեղեցի մուտք գործած 16-ամեայ Եըլմազ Օրեք, իր ցուցմունքին համաձայն, ծանր վնասուածք  ստացած եւ երկար ժամանակ հիւանդանոցի մէջ բուժում ստացած է, որմէ ետք  բողոք  ներկայացուցած է հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամիմ դէմ, թէ ոչ մէկ միջոց ձեռնարկուած չէ  տեղւոյն մարդոց անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Հետաքննութեան ընթացքին ցուցմունք տուած Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի անդամ Կաֆուր Թիւրքայ յայտնած է, որ եկեղեցւոյ շուրջը պատերով փակուած է , եւ այդ շինութիւնը մասնաւոր սեփականութիւն է: Թուրքայ նաեւ աւելցուցած է․ «Այս պատմական կառոյցին մէջ գողութեան դէպքեր  պատահած են: Սակայն մենք ոչ մէկուն պաշտօնապէս չենք դիմած այդ հարցով: Մեր կողմէն միայն բանաւոր դիմում  եղած է նահանգապետարան: Նահանգապետի եւ Հիմնադրամներու շրջանային տնօրէնին հետ այցելած ենք այդ վայրը: Հարցի մասին յայտնած ենք նահանգապետին եւ հաղորդած, որ եկեղեցւոյ քարերը գողցուած են, եւ  այս թեմային անդրադարձ  եղած է նաեւ մեր մամուլին մէջ: Օգնութիւն  պահանջած ենք եկեղեցին պահպանելու համար: Եկեղեցին չի գործեր, եւ  կարելի չէ առանց թոյլտուութեան այդ տարածքը մուտք գործել: Ես չեմ ընդունիր մեզի ուղղուած մեղադրանքները: Մեր հիմնադրամի անունով բողոք կը ներկայացնեմ այդ տարածք գողութեան նպատակով մտած եւ 500-ամեայ պատմական կառոյցին վնաս հասցուցած անձերուն դէմ»: