Ուրբաթ, 28 Մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ սուրիական պատկերասփիւռային կայաններէն ուղիղ եթերով սփռուած նախագահական չորրորդ շրջանի անդրանիկ ճառը արտասանեց՝ Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ վերընտրուելուն առիթով։ Նախագահ Ասատ ըսաւ. «Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնին վերարժանանալս մեծ պատիւ է ինծի համար, իսկ Սուրիոյ թշնամիներուն՝ ցնցող պարտութիւն»։ Իր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ ժողովուրդին Ասատ ըսաւ. «Նախորդ օրերուն նախագահական ընտրութիւններուն առիթով ձեր կազմակերպած շէն ձեռնարկները լոկ հանդիսութիւններ չէին, ոչ ալ պարզապէս ձեր հայրենիքին հանդէպ ունեցած սէրը արտայայտելու միջոց… Դուք աննախընթաց մարտահրաւէր տուիք հակասուրիական բոլոր կողմերուն եւ քայքայեցիք անոնց կեղծ հպարտութիւնը, շրջեցիք իրենց բոլոր դաւադրական հաշուարկները։ Դուք ձեր հարազատ զգացումներով եւ հպարտալի կեցուածքով ձեր հաւատարմութիւնը յայտնեցիք Սուրիոյ եւ ցնցող նամակ ուղղեցիք Սուրիոյ դէմ մութ սենեակներու մէջ նստած դաւադրական ծրագիրներ մշակող կողմերուն, որոնք վերջապէս պիտի զղջան իրենց սխալ ենթադրութիւններուն եւ Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած թշնամական կեցուածքին համար։ Դուք էիք որ յեղափոխութիւն ըրիք այս կեցուածքով ու յամառ աշխատանքով» ։ Նախագահ Ասատ շեշտեց. «Սուրիոյ ժողովուրդին զիս անգամ մը եւս նախագահ ընտրելը մեծ պատիւ է։ Հպարտ եմ որ Սուրիոյ հզօր ժողովուրդին մաս կը կազմեմ ոչ միայն հպատակութեամբ, այլ հոգիով, մտքով եւ սկզբունքներով։ Ձեր ունեցած վստահութեան եւ յոյսին շնորհիւ մեր երկրին ապագան բարգաւաճ կը տեսնեմ։ Մենք յոյսով եւ միասնութեամբ ձախողութեան մատնեցինք դաւադրական ծրագիրները եւ ամուր կանգնեցանք տասնամեայ դաժան պատերազմին դէմ»։ Ասատ եզրափակելով ըսաւ. «Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ մենք մեր ազգային այս բարձր ոգիով պարտութեան պիտի մատնենք մեր թշնամիները։ Յառաջիկայ փուլը յարատեւ աշխատանքի, պայքարի եւ դիմադրութեան փուլ է, որպէսզի անգամ մը եւս փաստենք մեր թշնամիներուն, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իր առօրեայ ապրուստի անհրաժեշտ կարիքներէն զրկելը աւելի կ՚ամրապնդէ անոր հայրենասիրութիւնը։ Այս ժողովուրդը երբ հսկայ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուի, միշտ իր կեցուածքով կը փաստէ, որ հայրենիքը ամենաթանկն է»։