Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հանրային Կապերու Մարմինին, 28 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 103-ամեակի յիշատակում, որուն նախորդեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու տողանցք Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Շաղիկ Յարութիւնեան-Յովսէփեան, որ վեր առաւ անկախութեան արժէքն ու անոր համար մղուած պայքարը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի ողջոյնի խօսքը արտասանեց Նարօտ Քեչեպաշեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Ազատութիւն կամ մահ» կարգախօսով 28 Մայիս 1918-ին մղուեցան մարտեր, որոնցմով վերջ գտան հայու շարունակական հալածանքը, տանջանքները եւ թշնամիին լուծը, եւ, Արամ Մանուկեաններու նման չակերտեալ խենթերու ղեկավարութեան եւ միասնակամ ուժին շնորհիւ` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մարտերը նոր յոյս ներշնչեցին յուսահատ հայ ժողովուրդին, որ ոտքի կանգնեցաւ դէմ դնելու թշնամիին:

Ապա խօսք առաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ դիտել տուաւ, թէ թէեւ 2021-ին հայութեան զգացումները վհատած, հայկական երկինքը մթագնած, հայրենի հողը ոտնահարուած, հեղինակութիւններու վարկը նսեմացած եւ մեր մտքերը ծանրաբեռնուած կը թուին ըլլալ, բայց եւ այնպէս 28 Մայիսը տօն է, որովհետեւ կը գոյատեւէ անկախութեան տօն նշող ժողովուրդ մը, եւ կայ պատմահոգեբանական հարուստ աւանդ մը, որ կը յուսադրէ եւ կը մղէ գործի:

Վեր. Փոլ Հայտոսթեան կոչ ուղղեց` ինքնագիտակից ջանքով, համազգային անանձնական կեցուածքով ամրապնդելու մեր ներքին տունը, մեր արժեչափերը` պետական, համայնքային, անձնական:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարի 28 Մայիսը կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակի ամէնէն դաժան եւ ընկճուած, ամէնէն խառնաշփոթ եւ անհորիզոն, ամէնէն պայթունավտանգ եւ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, որովհետեւ ստորագրուած է անզգամ անձնատուութեան յայտարարութիւն, հայ ազատամարտիկներու արեամբ շաղախուած Արցախի ազատագրուած տարածքներն ու Հայաստանի դարպաս Շուշին թշնամիին նուիրուած են, Հայաստանն ու Արցախը պարզ հողատարածք նկատող անհատներ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը քաղաքական ու տնտեսական սակարանին վրայ դրած  են: Բագրատունի շեշտեց, որ այս արարքները կատարողները շատ բան ունին սորվելիք Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով եւ Ղարաքիլիսէով կենսագործուած 28 մայիսի ճակատամարտերէն ու Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն եւ այնուհետեւ պետութեան մը հիմքերը հաստատելու փորձառութենէն:

Ապա ան շեշտը դրաւ այն մեծ խորհուրդներուն վրայ, զորս կը մարմնաւորէ 28 Մայիսի յաղթանակը` նշելով, որ Ցեղասպանութիւն գործադրած Թուրքիոյ դէմ ծառանալու կռիւն էր 28 մայիսը, գաղթական, ընտանիք եւ ինչք կորսնցուցած, սակայն արժանապատուութիւնը անխաթար պահած հայ մարդուն ծառացումն էր 28 մայիսը, իր զաւակը կորսնցուցած հայ մօր կռիւն էր, հայ հոգեւորականին կռիւն էր հայ եկեղեցւոյ զանգակներուն ղօղանջը երաշխաւորելու, հայ շինականին կռիւն էր` բահ ու բրիչով պաշտպանելու Արարատեան դաշտը, հայ կամաւորական գունդերու կռիւն էր, որպէսզի «Երեւանը չենք դատարկի» կարգախօսը ամբոխահաճոյ խօսք չըլլայ, եւ Երեւանը վերածուի անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին:

Պատգամաբերը շեշտեց, որ 28 Մայիսը զգաստութեան զանգն է բոլորին` Հայաստանի ապաշնորհ իշխանութեանց թէ ընտրութիւններու պատրաստուող ուժերուն,  28 Մայիսը կը պահանջէ մեզմէ վերջ տալ խեղկատակութեան, վերականգնել հայու ազատատենչ բնութիւնը, Հայաստանի հողային թէ պետական անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր նկատել, վերահաստատել հայոց բանակի աննկուն ու պայծառ կամքը, յանուն բարի դրացնութեան եւ խաղաղութեան չկենսագործել ամօթալի, կասկածելի ու դաւադիր նոյեմբեր 9-ի պայմանագիրը եւ յստակացնել բոլոր գաղտնի համաձայնութիւնները:

Գեղարուեստական յայտագիրին պարբերաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին Վիգէն Տիշչէքէնեան, Հրաչ Կայծակեան, Արարատ Ահարոնեան, Կարօ Կապուտակեան` նուագակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի: