«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ երթեւեկութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ատիլ Քարաիսմայիլօղլուն տեղւոյն կատարուող աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով այցելած է Արցախի գրաւեալ տարածքներ:

Ան յայտնած է, որ Թուրքիան այդ տարածքներու վերակառուցման հարցով ամբողջապէս պիտի աջակցը Ատրպէյճանին:

«Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի վերակառուցման հարցով երկրաչափական եւ արհեստագիտական  ամբողջ ներուժով կանգնած է եղբայրական եւ բարեկամական Ատրպէյճանի թիկունքին»:

Թուրք նախարարը ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ եղած է Հորատիզ-Աղպենտ ճամբու շինհիրապարակին մէջ, ապա  ծանօթացած է Շուշի տանող ուղիի կառուցման աշխատանքներուն:

Քարաիսմայիլօղլուն դիտել տուած է, որ Հորատիզի մայրուղիին եւ  երկաթուղիին  կառուցման համար մեծ աշխատանքներ  տարուած են: