Երեքշաբթի, 1 Յունիսին Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը, արձագանգելով 31 Մայիս 2021-ին հրապարակուած Աբովեանի թոքախտաւորներու հիւանդանոցի դիահերձարանի լուսանկարներուն (նկուղի մը մէջ գետինը նետուած հարիւրաւոր նահատակ զինուորներու մարմիններ եւ մասունքներ), հաստատեց, որ լուսանկարները Աբովեանի դիահերձարանէն են` միաժամանակ պնդելով, թէ այդ պայմանները կը բաւարարեն դիակներու պահումի պահանջները: Աւելի ուշ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ունին նահատակ զինուորներու 50 մասունքներ, որոնք քանի մը անգամ ենթարկուած են փորձաքննութեան, բայց կարելի չէ եղած «Տի.Էն.Էյ.»ը անջատել: Մնացած բոլոր դիակները փորձաքննուած են, որոնց մէկ մասը` ներկայ դրութեամբ 149-ը, ծնողներու տուեալներուն հետ չեն համընկնած: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարը ներողութիւն խնդրեց զոհերուն հարազատներէն՝ աւելցնելով. «Բացթողումս եղած է, որ որոշակի տեղափոխութիւններէ ետք անգամ մը եւս անձամբ չեմ այցելած եւ պահպանման մանրամասնութիւնները ստուգած»: Նոյն օրը վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան պատասխանատու գերատեսչութիւններուն յանձնարարեց ծառայողական քննութիւն կատարել այս հարցով: Քննչական կոմիտէն հարցին մասին սկսած է նիւթեր նախապատրաստել` չբացառելով, որ քրէական գործ յարուցուի: Յայտնենք, որ դիահերձարանին մէջ յայտնուած զինուորներու դիակներու աճիւններուն եւ մասունքներուն լուսանկարները պատճառ դարձած էին ժողովրդային բողոքի ալիքի յառաջացման: