“Անթիլիաս”._Չորեքշաբթի, 16 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի։ Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Սփիւռքի եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր։