Ընթերցողը համացանցի վրայ կրնայ կարդալ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի սոյն թուականի 7-րդ թիւը: Ժամանակի հեւքին ընդառաջ «Դրօշակ»ի ներկայ թիւի նիւթերուն զգալի բաժինը ուղղակի եւ անուղղակի անդրադարձն է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն նախորդող ու յաջորդող քաղաքական, բարոյահոգեբանական մթնոլորտին, ինչպէս եւ հայութեան առջեւ ծառացած բախտորոշ մարտահրաւէրներուն: Պատահականութիւն չէ նոյն այս համարին մէջ պատմաբան Անի Մելքոնեանի․ «Դաւաճանութիւններու Դերը Հայկական Պետականութիւններու Կործանման մէջ» յօդուածի յայտնուիլը: «Դրօշակ»ի բարեկամ եւ մշտական հեղինակ Վրէժ Արմէն, շարունակելով հանդուրժողականութեան նիւթի քննարկումը, այս անգամ մտահոգութիւն փոխանցած է ներազգային մթնոլորտը պղտորած ներքին անհանդուրժողականութեան երեւոյթի առնչութեամբ: «Դրօշակ»ի հերթական թիւը կը ներկայանայ նիւթերու բազմազանութեամբ, որոնց մէջ են Արփի Աբրահամեանի հետաքրքիր լուսաբանումը անկախութեան շրջանին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած ռազմավարական բնոյթի պայմանագիրերուն եւ համաձայնագիրերուն վերաբերող: Իր կարգին արեւելագէտ Արտէօմ Տօնոյեան կը ներկայացնէ ընթերցողին Ատրպէյճանի ներքին կեանքին բնորոշ երեւոյթ մը, որուն մասին նոյնպէս լաւագոյնս պատկերացում փոխանցած է յօդուածի վերնագիրը․«Քանի մը Դիտարկում Ատրպէյճանի Իրանաֆոպիայի Դրսեւորումներու Շուրջ»: Կը կարծենք ընթերցողը հետաքրքրութեամբ կը կարդայ նաեւ Աւօ Գաթրճեանի «Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան Ծածկանուններու Բառարանէն» յօդուածը: Պաշտօնաթերթին մէջ չէ շրջանցուած պատմական նիւթը: Սեւրի Դաշնագիրի կնքման 101-րդ տարեդարձին ընդառաջ «Դրօշակ»ի մէջ զետեղուած է Մարիամ Յովսէփեանի ընդարձակ ուսումնասիրութիւնը` որուն համար աղբիւր ծառայած են տուեալ ժամանակաշրջանի Կ․ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ճակատամարտ» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերը: