«Ապառաժ».-11 Յուլիսին իր աշխատանքները աւարտեց 10 Յուլիսին սկիզբ առած ՀՅԴ Ապառաժի շրջանի 26-րդ հերթական Շրջանային ժողովը: Ժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ Իգոր Սարգսեան, ՀՅԴ Արցախի շրջանաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, պատուիրակներ ՀՅԴ Արցախի բոլոր շրջանային մարմիններէն, հրաւիրեալ ընկերներ: Ժողովը հանգամանօրէն գնահատեց եւ ամփոփեց շրջանաւարտ ԿԿ-ի երկամեայ գործունէութիւնը, նախանշեց նորընտիր ԿԿ-ի ընելիքները: Ժողովի աւարտին տեղի ունեցած է նոր Կեդրոնական Կոմիտէի ընտրութիւն: Քուէարկութեան հետեւանքով ընտրուած է Կեդրոնական Կոմիտէի 7 հոգինոց կազմ` Դաւիթ Իշխանեան, Արթուր Մոսիյեան, Արա Պուլուզեան, Ալէօնա Գրիգորեան, Անդրանիկ Չաւուշեան, Սուրէն Շինդեան, Ժիրայր Շահիջանեան: ՀՅԴ Արցախի նորընտիր ԿԿ-ի անդրանիկ նիստին ներկայացուցիչ ընտրուած է Արթուր Մոսիյեան: