ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի 22-րդ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 23 լիազօր ներկայացուցիչներ եւ 18 խորհրդակցական ձայնով մասնակիցներ: Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութիւնը, Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդի ու խմբապետութեան, Հալէպ, Գամիշլի, Լաթաքիա, Դամասկոս եւ Քեսապ մասնաճիւղերու, Շրջ. Վարչութեան յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ ժողովի հրաւիրեալները:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տէրվիշեան բացման խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց ժողովի մասնակիցներուն եւ հեզասահ ընթացք՝ ներկայացուցչական ժողովին։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Կեդր. Վարչութեան եւ պատկան մարմինին, որոնք ամբողջ շրջանին նեցուկ կանգնեցան Շրջ. Վարչութեան աշխատանքներուն։
Ժողովին ընթերցուեցան մասնաճիւղերու վարչութիւններուն ամփոփ տեղեկագիրները, ապա Շրջ. Վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը։
Ժողովը քննութեան ենթարկեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անցնող երկու տարիներու գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատեց իրագործուած աշխատանքները, յատկապէս տասը տարիներու ընդհատումէ ետք միջմասնաճիւղային տողանցքի իրագործումը, զայն համարելով Շրջ. Վարչութեան աշխատանքներուն դափնեպսակը:
Ժողովը յաջորդ երկամեակը հռչակեց վերակազմակերպման եւ շարքերու խտացման շրջան, որուն մեկնարկը կատարուեցաւ միջմասնաճիւղային տողանցքով։
Յատուկ օրակարգով քննարկուեցաւ ՀՄԸՄ-ի եւ սկաուտական Սուրիոյ շրջանի ներքին ծրագիր-կանոնագիրի բարեփոխումները եւ պարտք դրուեցաւ յաջորդ Շրջ. Վարչութեան վրայ վերատեսութեան ենթարկելով ամբողջացնել զանոնք։
Ժողովին այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան: Ան օրհնելով ժողովին ընթացքը հաստատեց, թէ ՀՄԸՄ-ը ազգային մաքուր նկարագիրով կը թրծէ մեր նոր սերունդի զաւակները, անոնց մէջ սերմանելով ծառայութեան եւ զոհողութեան ոգին:
Սրբազան Հայրը ողջունեց Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերու ՀՄԸՄ-ականներուն մասնակցութիւնը, ապա անդրադարձաւ Միջմասնաճիւղային տողանցքին, յայտնելով, որ տողանցքը սփիւռքի մակարդակի վրայ եզակի երեւոյթ հանդիսացաւ եւ միասնական աշխատանքին շնորհիւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։
Ժողովի աւարտին, առաջարկներ ներկայացուեցան յառաջիկայ Շրջ. Վարչութեան:
Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ 22-րդ ներկայացուցչական ժողովը ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար անկիւնադարձային փուլ եղաւ: Ան գնահատեց ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութեան աշխատանքը, յատկապէս տողանցքի իրագործումը, որ մեծ արձագանգ ձգեց ներքին մակարդակի վրայ եւ սփիւռքի տարածքին։ Ան մաղթեց, որ նորընտիր վարչութիւնը առաւել թափ տայ կազմակերպչական աշխատանքին եւ մասնաճիւղերը հերթական ժողովներով շարունակեն միութեան գաղափարաբանութեամբ դաստիարակել մեր զաւակները։
Խօսքի աւարտին, ան նշեց, թէ թէեւ թիւով նուազ ենք, սակայն աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող սուրիահայերը մեզի թեւ ու թիկունք կը կանգնին:
Աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան գնահատեց շրջանաւարտ Շրջ. Վարչութեան անդամներուն աշխատանքը, արժեւորելով անոնց երկու տարիներու գործունէութիւնը։
Ան գնահատեց Շրջ. Վարչութիւնը միջմասնաճիւղային տողանցքը կազմակերպելուն առիթով եւ մաղթեց, որ ՀՄԸՄ-ական շարքերը առաւել խտանան եւ որակաւորուին ՀՄԸՄ-ական կազմերուն միասնական աշխատանքով։
Ան պատուիրեց, որ 22 Յուլիսին ՀՄԸՄ-ական կազմերը զանազան նախաձեռնութիւններով յիշատակեն հայ մարզիկի օրը, որ այս տարի կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան 135-ամեակին։
Խօսքը եզրափակելով, ան մաղթեց, որ ՀՄԸՄ-ը իր 111 մասնաճիւղերով շարունակէ բարձր պահել միութեան դրօշը, վկան՝ 111-րդ Արցախի մասնաճիւղը, որ նորընտիր վարչութեամբ յառաջ կը տանի Միութեան առաքելութիւնը։
Իր աշխատանքներուն աւարտին, ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկամեայ նստաշրջանի նոր Շրջանային վարչութիւնը հետեւեալ պատկերով.-
Եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան
Եղբ. Կարօ Գալայճեան
Եղբ. Արտաշէս Փայասեան
Եղբ. Եղիա Քիլէճեան
Քոյր Լիզա Լալէեան
Եղբ. Յովիկ Սիւլահեան
Եղբ. Յարութ Գաբրիէլեան (Լաթաքիա)
Եղբ. Միհրան Տիգրանեան (Գամիշլի)
Եղբ. Պօղոս Խաճարեան (Դամասկոս)
Ժողովը փակուեցաւ միութեան քայլերգով։