Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները հանդէս եկած են միատեղ յայտարարութեամբ` 10 Յուլիս 2021-ին Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներու բռնագրաւուած տարածքներ այցելութեան առնչութեամբ. «Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմէն վերջ միջազգային իրաւունքի եւ, յատկապէս, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ոտնահարումով կը շարունակուին թշնամական գործողութիւնները հայկական պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ: Եւ այս ամէնը ոչ միայն չի դատապարտուիր միջազգային կառոյցներու եւ առանձին երկիրներու կողմէն, այլեւ կը կատարուի հակառակը. պաշտօնական Պաքուն ոչ մէկ ջանք խնայած է այդ նոյն կառոյցներու ու երկիրներու ներկայացուցիչներուն մասնակից եւ յանցակից դարձնելու իր զաւթողական ու հակամարդկային գործողութիւններուն: Այս խորապատկերին վրայ պէտք է դիտարկել նաեւ 10 Յուլիս 2021-ին ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէն Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն այցելութիւններուն կազմակերպումը Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ տարածքներ` բեմականացուած նկարահանումները Շուշիի մէջ: Խստօրէն կը դատապարտենք նմանօրինակ գործելաոճը: Ատրպէյճանը կը փորձէ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ յարձակողական զաւթողական ծրագիրի իրագործման աջակիցներու շրջանակ ձեւաւորել: 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանը Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու աջակցութեամբ զաւթած է Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասը, նաեւ հայ ժողովուրդի մշակութային եւ հոգեւոր կեդրոն Շուշի քաղաքը: Միջազգային հանրութեան կողմէ Թուրքիոյ նախագահին` Շուշի այցելութիւնը չդատապարտելը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մղեց նոր սադրիչ գործողութիւններու, որուն հետեւեցաւ Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներու այցելութիւնը Շուշի: Պատմական իրողութիւններուն այսկերպ աղաւաղումը եւ նման մեթոտներով հակամարտութեան էութեան խեղաթիւրումը կը համարենք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման խաթարման ուղղուած քայլ, որ կոպտօրէն կ’ոտնահարէ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները: Գնահատելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու մերժողական կեցուածքը այդ բեմադրութեան նկատմամբ` կոչ կ’ուղղենք դատապարտելու նմանօրինակ սադրիչ գործողութիւնները եւ քայլեր ձեռնարկելո Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու վերատիրացման եւ Արցախի բնակչութեան ազատ ապրելու իրաւունքի ամրագրման ուղղութեամբ»: