«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հրամանով Թուրքիոյ մէջ պիտի հիմնուի ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկ: Հիմնարկը պիտի գործէ Իսթանպուլի համալսարանի պատասխանատուի ենթակայութեան տակ: Այս մասին Էրտողանի համապատասխան հրամանագիրը հրատարակուած է Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնաթերթին մէջ: