«Էրմէնիհապեր».-Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը (այսուհետեւ՝ ԵԽԽՎ) Սեպտեմբերին յատուկ զեկոյց պիտի հրապարակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մարդկային հետեւանքներուն մասին: Ուսումնասիրութիւնը կ’իրականացնէ իրլանտացի պատգամաւոր Փոլ Կիւան: Ան փաստահաւաք կատարելու առաքելութեամբ 26-էն 28 Յուլիսին պիտի այցելէ Ատրպէյճան: Ըստ ԵԽԽՎ-ի հաղորդագրութեան, եւրոպացի պատգամաւորը պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամներուն, կառավարութեան ներկայացուցիչներուն եւ մարդասիրական հարցերով զբաղող կառոյցներու հետ: «Ան նաեւ կարելիութիւն կ’ունենայ լսելու տեղահանուած անձերը եւ հանդիպելու Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու հարցերու յանձնակատարին», հաղորդած է վեհաժողովը, աւելցնելով,«Այցելութիւնը առիթ պիտի տայ աւելի լաւ հասկնալու միջազգային կազմակերպութիւնները` Կարմիր Խաչի եւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերու յանձնակատարի դերն ու ներդրումը առկայ հարցերու լուծման մէջ»: Յիշեցնենք, որ Մայիսին իրլանտացի պատգամաւորը փաստահաւաքի առաքելութեամբ այցելած էր Երեւան: