“Երկիր Մետիա”._6 Օգոստոսին ճեպազրոյցի ընթացքին ՄԱԿ -ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակի տեղակալ Ֆարհան Հաք յայտնած է, որ
ՄԱԿ-ը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կոչ ուղղած է լրջութիւն ցուցաբերելու երկու երկիրներու սահմանին շարունակուող լարուածութեան նկատմամբ:
Պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողին հարցումին՝ Հաք ըսած է.

«Բոլոր հակամարտութիւններու պարագային շատ պարզ է մեր մօտեցումը. մենք մտահոգութիւններ ունինք ականներու տեղադրման նկատմամբ, նաեւ կ’ուզէիք համոզուիլ, որ ականազերծման համար անհրաժեշտ տեղեկութիւնները պիտի տրամադրուին:Այս ուղղութեամբ մենք կողմերուն կոչ յղած ենք: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրավիճակին առնչութեամբ, անշուշտ, մենք պիտի շարունակենք երկու կողմերուն կոչ ուղղել լրջութիւն ցուցաբերելու, ձեռնպահ մնալու որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ սրել լարուածութիւնը եւ երկխօսութեան միջոցով լուծել հարցը»: