«Շանթ».-Թուրքիոյ սեւծովեան ափին գտնուող նահանգներուն մէջ յորդառատ անձրեւները հեղեղներու պատճառ դարձած են: Թուրքիոյ հիւսիսը պատահող ջրհեղեղներուն հետեւանքով առնուազն 17 մարդ զոհուած է: «Ես ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Քասթամոնուի, Սինոփի եւ Պարտինի Նահանգներուն մէջ ջրհեղեղներու հետեւանքով մեր 17 քաղաքացիներուն մահուան համար», Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է Թուրքիոյ նախագահը: Տարածաշրջանի մէջ կը շարունակուին որոնողափրկարարական աշխատանքները, որոնց մէջ, Էրտողանի խօսքին համաձայն, ներառնուած է աւելի քան 4,6 հազար մարդ եւ աւելի քան 1000 ճարտարագիտական միաւոր: 11 Օգոստոսին ուժեղ տեղատարափ անձրեւները հեղեղներու պատճառ դարձած են երկրի հիւսիսարեւելեան շարք մը նահանգներու՝ Պարտինի, Սինոփի եւ Քասթամոնիի մէջ: Քաղաքներու փողոցներուն մէջ ցեխային հոսանքներ գոյացած են: Վնաս հասած է շէնքերուն, ինքնաշարժներուն եւ ենթակառուցուածքներուն: Մարդիկ բարձրացած են շէնքերուն տանիքները, ուրկէ անոնց ուղղաթիռներով փրկած են: Հեղեղներէն տուժած շրջաններուն մէջ մարդիկ զրկուած են ելեկտրական հոսանքէն: