«Արմէնփրէս».-Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն Շուշիի բռնագրաւումէն վերջ, ատրպէյճանցիները Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին քանդակներու պուրակին ցուցանմուշները անգործածելի դարձուցած եւ հեռացուցած են: Այս մասին ահազանգած է Կովկասեան Ժառանգութեան Պաշտպանութեան (Caucasus Heritage Watch) կազմակերպութիւնը: Կազմակերպութիւնը հրապարակած է 10 Ապրիլի եւ 5 Յունիսի արբանեակային լուսանկարները, ուր ի յայտ եկած է, որ ի տարբերութիւն առաջին պատկերին, երկրորդին մէջ 51 քանդակները Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի պուրակէն կը բացակային: «Կովկասեան Ժառանգութեան Պաշտպանութիւնը մտահոգուած է թանգարանին սեփականութիւնը հանդիսացող արուեստի այս գործերուն վիճակով: Կովկասեան Ժառանգութեան Պաշտպանութիւնը կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յայտնել առգրաւուած քանդակներուն գտնուելու վայրը եւ տեղեկացնել, թէ ինչպէս պիտի ապահովեն անոնց հանրայնութիւնը», ըսուած է կազմակերպութեան դիմատետրի գրառումին մէջ: