«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ջրհեղեղէն տուժած Քասթամոնու, Պարթըն եւ Սինոփ նահանգները աղէտեալ գօտի յայտարարած է: Այս մասին Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է Քասթամոնիի տեղւոյն բնակչութեան հետ հանդիպումին ընթացքին: Ան յայտնած է, որ այս պահուն ջրհեղեղներէն տուժած շրջաններուն մէջ որոնողափրկարարական աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին, որոնց մասնակցած են 4500-էն աւելի փրկարարներ, 19 ուղղաթիռ, ԱԹՍ, շտապօգնութեան մեքենաներ եւ այլ անհրաժեշտ սարքեր: Էրտողան վստահեցուցած է, որ Թուրքիան բոլոր վնասները հատուցելու ուժ, կարելիութիւն եւ վճռականութիւն ունի` յայտնելով. «Աւերուածին տեղը աւելի լաւը սարքելով, այրածին փոխարէն աւելի շատ ծառ տնկելով, պակսածը նորերով աւելցնելով` պիտի շարունակենք մեր ճամբան»: