Թուրքիոյ Արտակարգ Իրավիճակներու եւ Աղէտներու Կառավարման Մարմինը(AFAD) կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ սեւծովեան նահանգներուն մէջ տեղատարափ անձրեւներու եւ ջրհեղեղներու հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 77-ի, տասնեակ մարդիկ անհետ կորած համարուած են: Քասթամոնուի մէջ զոհուած է 62 քաղաքացի, 14-ը` Սինոփ նահանգի մէջ եւ մէկը Պարթըն նահանգի մէջ: Փրկարարական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած է 21 ուղղաթիռ: Անհետ կորածներուն թիւը հասած է 47-ի: Աւելի ուշ հաղորդուած էր, որ աղէտի գօտիէն տարհանուած է աւելի քան 1700 մարդ: Մօտաւօրապէս 400 բնակավայր մնացած է առանց ելեկտրականութեան: