Ը «Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Սինճան շրջանին մէջ գտնուող հայկական հնամենի գերեզմանատանը սարսափելի տեսարան է. կատարուած թալանէն վերջ հողի մակերեսին յայտնուած են մարդոց գանկոսկրեր, ատամներ եւ այլ ոսկրակտորներ: Աւելի քան 600 տարուան հնութիւն ունեցող հայկական գերեզմանատունը փաստօրէն գանձագողերու թիրախին մէջ յայտնուած է: Գերեզմանագողութիւնը առաջին անգամ պարզած է պատմաբան Էրտինչ Աքկիւլ: Ան լուսանկարած է տեղանքը եւ տեղեկացուցած է քաղաքապետարանը: Այժմ կը կատարուի հետաքննութիւն` դէպքի հանգամանքները պարզելու համար: Համապատասխան քննութեան գերեզմանոցի ոսկորներէն նմուշներ առնուած են: Գերեզմանոցի տարածքը ժամանակաւորապէս փակուած է: Ըստ պատմաբան Աքկիւլին, յիշեալ շրջանը 2-րդ կարգի պետական պահպանութեան տարածք է: Ան ցաւ ու ափսոսանք յայտնած է, որ գանձագողերու կողմէն կ’ոչնչացուին պատմութեան հետքերը: