«Ար­մէնփ­րէս».- ՀՀ ԳԱԱ պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր, ակա­դե­մի­կոս Աշոտ Մել­քոն­եան՝ մեկ­նա­բա­նե­լով Քար­վա­ճա­ռի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­ե­ւին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րուն՝ Սիւ­նի­քի, Սե­ւա­նի եւ Վար­դե­նի­սի մա­սին ըսաւ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­ե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րու առն­չու­թեամբ բա­ցա­յայտ կեղ­ծիք են եւ ձեռ­նա­վա­րու­թիւն՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նը թր­քա­կան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով: Պատ­մա­բա­նի խօս­քին հա­մա­ձայն, Ալի­եւ ըսած է, թէ Սիւ­նի­քը, Սե­ւա­նը, Վար­դե­նի­սը, Երե­ւա­նը «պատ­մա­կան ատր­պէյ­ճա­նա­կան հո­ղեր են», մինչ­դեռ նախ՝ ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճան կո­չուող հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քը ոչ մէկ կապ ու­նի պատ­մա­կան Ատր­պա­տա­կա­նին՝ Իրա­նի հիւ­սի­սա­յին շըր­ջան­նե­րուն հետ, որ­մէ թուր­քե­րը պար­զա­պէս գող­ցած են ան­ուա­նու­մը՝ 1918-ին այդ ար­հես­տա­ծին պե­տու­թիւնը ստեղ­ծե­լու ըն­թաց­քին: Եւ երկ­րորդ՝ մին­չեւ 14-15-րդ դա­րե­րուն, երբ տա­րա­ծաշր­ջան ներ­թա­փան­ցե­ցին թուրք­մե­նա­կան ցե­ղե­րը, եւ աւե­լի ուշ՝ մին­չեւ 11-րդ դար, երբ առա­ջին ան­գամ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ յայտն­ուե­ցան սել­ճուք-թուր­քե­րը, մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ՝ նե­րառ­եալ Արե­ւել­եան Հա­յաս­տա­նը, Վրաս­տա­նը, Արե­ւել­եան Անդր­կով­կա­սը եւ Հիւ­սի­սա­յին Իրա­նը, թր­քա­կան որե­ւէ տե­ղան­ուան­ման կամ թր­քա­կան տար­րին մա­սին խօ­սի­լը պար­զա­պէս ծի­ծա­ղե­լի է: «Ու­րեմն, Ատր­պէյ­ճա­նին Պա­քու մայ­րա­քա­ղա­քէն սկս­եալ՝ Ատր­պա­տա­կա­նի, Շաքիի, Շիր­վա­նի, ամ­բողջ «հա­յոց Արե­ւե­լից Կող­մանց», այ­սինքն՝ Մեծ Հայ­քի Ու­տիք, Ար­ցախ, Փայ­տա­կա­րան նա­հանգ­նե­րու տա­րածք­նե­րը՝ բո­լո­րը եղած են հա­յա­նուն եւ հա­յաբ­նակ ու հայ­կա­կան, իսկ խօ­սի­լը թր­քա­կան որե­ւէ տար­րի մա­սին մին­չեւ 11-րդ դար ուղ­ղա­կի ծի­ծա­ղե­լի է», ըսաւ Աշոտ Մել­քոն­եան: Պատ­մութ­եան հիմ­նար­կի տնօ­րէ­նը իր այս պն­դու­մը հիմ­նա­ւո­րեց պատ­մա­կան այն յայտ­նի փաս­տե­րով, որոնց հա­մա­ձայն մին­չեւ 14-15-րդ դա­րեր, երբ Արե­ւել­եան Հա­յաս­տան եւ Արե­ւել­եան Անդր­կով­կաս ներ­թա­փան­ցե­ցին թուրք­մե­նա­կան ցե­ղե­րը, իսկ՝ մին­չեւ 11-րդ դար, երբ առա­ջին ան­գամ մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ յայտն­ուե­ցան թր­քա­կան ցե­ղե­րը՝ ի դէմս սել­ճուկ-թուր­քե­րու, որե­ւէ թր­քա­կան տե­ղա­նուն այս տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ չէ եղած: «Հա­տու­կենտ թուր­քեր տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ յայտն­ուած են միայն 9-րդ դա­րուն, երբ արաբ­նե­րը վար­ձած են թուրք վարձ­կան-զի­նուո­րա­կան­ներ, որոնց մէջ էր, օրի­նակ, յայտ­նի զօ­րա­վար Պու­ղան, որ 9-րդ դա­րու կէ­սե­րուն ար­շա­ւեց Հա­յաս­տա­նի շր­ջան­նե­րը՝ Վաս­պու­րա­կան, Սիւ­նիք եւ Ար­ցախ ու ծանր պար­տու­թիւն կրեց յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի մէջ՝ Քթիշ ամ­րո­ցին մէջ (854 թ.) Եսա­յի Ապու Մուս» իշ­խա­նէն», աւել­ցուց մաս­նա­գէ­տը: «Ընդ­հան­րա­պէս Արե­ւել­եան Հա­յաս­տա­նի եւ Արե­ւել­եան Անդր­կով­կա­սի տե­ղա­նուն­նե­րու թր­քաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը սկ­սած է 14-15-րդ դա­րե­րուն, երբ թուրք­մե­նա­կան ցե­ղե­րը այս­տեղ հաս­տա­տած են իրենց տի­րա­պե­տու­թիւնը: Օրի­նակ, Հիւ­սի­սա­յին Իրա­նի տա­րած­քին իրա­նա­խօս բնակ­չու­թիւնը աս­տի­ճա­նա­բար դար­ձաւ թր­քա­խօս: Թէ­պէտ այդ թր­քա­խօս բնակ­չու­թիւնը հե­տա­գա­յին՝ 15-րդ դա­րու վեր­ջը, կեան­քի կո­չեց իրա­նա­կան Սեֆ­եան պե­տու­թիւնը: Սեֆ­եան­նե­րը, ըլ­լա­լով պար­սիկ, թր­քա­խօս էին: Եւ, բնա­կա­նա­բար, այս երե­ւոյ­թը նկատ­ուե­ցաւ նա­եւ Արե­ւել­եան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին մէջ: Բայց սա բա­ցար­ձա­կա­պէս չի նշա­նա­կեր, թէ ան­կէ առաջ այդ տե­ղա­նուն­նե­րը հայ­կա­կան չէ­ին: 14-15-րդ դա­րե­րէն առաջ, աւե­լին՝ 11-րդ դա­րէն առաջ, որե­ւէ թր­քա­կան տե­ղա­նուն այս տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ չէ­իք կր­նար գտ­նել», ըսաւ Մել­քոն­եան: Պատ­մա­բա­նը նա­եւ նկա­րագ­րեց, թէ ինչ­պէս  տե­ղի ու­նե­ցած է տե­ղա­նուն­նե­րու թր­քա­ցու­մը նշ­եալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ քո­չուոր­նե­րուն յա­տուկ պար­զու­նակ ոճով եւ անոնց ցած մտա­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան. «Թուր­քե­րը ինչ­պէս որ կը տես­նէ­ին տու­եալ տա­րած­քը, այդ­պէս ալ կը կո­չէ­ին զայն: Ըսենք, եթէ պղ­տոր ջուր ըլ­լար «կա­րասու» կ’ան­ուա­նէ­ին, կամ երեք եկե­ղե­ցի կը տես­նէ­ին կը դառ­նար «իւչ քի­լի­սէ», կը տես­նէ­ին չորս եկե­ղե­ցի՝ կը դառ­նար «տեորթ քի­լի­սէ» եւ այդ­պէս շա­րու­նակ»: «Այն­պէս որ, այն, ին­չ որ Ալի­եւ այ­սօր կ’ըսէ, բա­ցա­յայտ կեղ­ծիք է եւ ձեռ­նա­վա­րու­թիւն՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նը թր­քա­կան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով», եզ­րա­կա­ցու­ցած է Աշոտ Մել­քոն­եան:
Քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը՝ գի­տա­կան հան­րու­թիւնը, պատ­մա­բան Աշոտ Մել­քոն­եա­նին խօս­քին հա­մա­ձայն, շատ լաւ գի­տէ այդ ամէ­նը եւ կը հասկը­նայ, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան պատ­մագ­րու­թիւնը ամ­բող­ջու­թեամբ կեղծ­ուած է եւ իրա­կան գի­տու­թեան հետ որե­ւէ կապ չու­նի: Բայց այլ հարց է, որ Ատր­պէյ­ճան, գոր­ծի դնե­լով իր նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը, կը տա­րա­ծէ այդ կեղ­ծիք­նե­րը ողջ աշ­խար­հով մէկ՝ այն հաշ­ուար­կով, որ «եթէ սու­տը 100 ան­գամ կրկ­նես՝ ան կր­նայ ճշ­մար­տու­թիւն թուիլ»:
Աշոտ Մել­քոն­եա­նի խօս­քով՝ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը եւ Ատր­պէյ­ճան կո­չուող պե­տու­թիւնը այ­սօր ինք­նու­թեան փնտռ­տու­քի մէջ են, քա­նի որ կո­ղոպ­տած են իրենց գրե­թէ բո­լոր դրա­ցի­նե­րուն՝ հա­յե­րուն, վրա­ցի­նե­րուն, լեզ­գի­նե­րուն, իրան­ցի­նե­րուն եւ նոյ­նիսկ ցե­ղա­կից թուրք­մեն­նե­րուն պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը: Եւ այդ խառ­նաշ­փո­թը այն աս­տի­ճա­նի ան­հե­թե­թու­թեան հա­սած է, որ մէկ կող­մէ  անոնք իրենք զի­րենք կը հա­մա­րեն կով­կաս­եան Աղ­ուան­քի ժա­ռան­գորդ­ներ, այ­սինքն՝ տե­ղաբ­նիկ­ներ, միւս կող­մէն՝ հն­դեւ­րո­պա­կան, այլ կող­մէ մըն ալ՝ թր­քա­լե­զու, որով­հե­տեւ արիւ­նա­կից են մի­ջի­նաս­ի­ա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ օս­ման­եան թուր­քե­րուն:
Երբ հարց տր­ուե­ցաւ պատ­մա­բա­նին, թէ ի՞նչ է ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն ճիշդ ինք­նան­ուա­նու­մը, պատ­մա­բա­նը պա­տաս­խա­նեց. «կով­կաս­եան թա­թար­ներ»: Եւ աւել­ցուց. «թա­թար» իմաս­տով կը նշա­նա­կէ «քո­չուոր­ներ»: Հար­ցի քա­ղա­քա­կան կող­մին պա­րա­գա­յին, ակա­դե­մի­կոս Աշոտ Մել­քոն­եան կը կար­ծէ, որ Ալի­ե­ւին սան­ձար­ձակ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»ին, Սե­ւա­նին, Երե­ւա­նին, հի­մա ալ՝ Վար­դե­նի­սին մա­սին, առ­հա­սա­րակ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կան եւ ռազ­մա­տենչ վար­քա­գի­ծը կ’ար­տա­յայ­տեն: Թուրք­ի­ան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը, օգտ­ուե­լով 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին ար­ձա­նագ­րած իրենց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն, կը կար­ծեն, թէ հի­մա ամե­նա­յար­մար պահն է փան­թուր­քիզ­մի ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու: Սա­կայն պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէ­նը կը յան­գի այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թե­նէն բա­ցի՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կան նա­եւ այլ զօ­րեղ ու­ժեր, յատ­կա­պէս՝ Իրան եւ Ռուս­իա, որոնց ամե­նե­ւին ձեռն­տու չէ այս­պէս կոչ­ուած «զան­գե­զուր­եան մի­ջանցք»ը:
«1921-ի Յու­լի­սի կէ­սե­րուն Գա­րե­գին Նժ­դե­հին Զան­գե­զու­րէն հե­ռա­նա­լէն վերջ, խորհր­դա­յին պե­տու­թեան ձեռ­քը ոչ ոք կր­նար բռ­նել, եթէ ան որո­շէր Զան­գե­զու­րը յանձ­նել Ատր­պէյ­ճա­նին: Եթէ չը­րաւ, ու­րեմն կը հասկ­նար, որ այդ հայ­կա­կան սե­պը փան­թուր­քիզ­մի ամե­նա­մեծ խո­չըն­դոտն է», եզ­րա­փա­կեց Մել­քոն­եան: