«Արմէնփրէս».- Արցախի Պաշտպանութեան Բանակէն յայտնած են, որ Արցախի Հանրապետութեան հարաւարեւմտեան սահմանին կից մօտաւորապէս 3 հա. մակերեսով խոտածածկ տարածքին մէջ 17 Օգոստոսին,Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:40-ին հակառակորդի արձակած կրակոցներուն հետեւանքով հրդեհ բռնկած է:՛ «Բռնկած հրդեհը մարելու նպատակով դէպքի վայր մեկնած է հրշէջ մեքենայ, սակայն ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է հրշէջ մեքենային վրայ` խոչընդոտելով կրակը մարելու աշխատանքները: Հակառակորդին կողմէն արձակուած կրակոցներէն հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած», յայտնած են ՊԲ-էն: Դէպքին առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: