ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Ի. Ալիեւին վերջին յայտարարութիւններուն. «Դրացի երկրի ղեկավարը երէկ նորէն ինքզինքին թոյլատրած է մեր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը վիրաւորող արտայայտութիւններով հանդէս գալ: Միջազգային ահաբեկչական ուժերու եւ այլ պետութիւններու ներգրաւումով` մեր ժողովուրդին նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմէն վերջ, Ալիեւ ակնյայտօրէն նպատակ ունի կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ամբողջապէս կազմաքանդել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային համակարգը: Պաքուի մէջ պէտք է շատ յստակ իմանան, որ Հայասատանի ներկայ ժամանակաւոր կաշկանդուածութիւնը եւ ապաշնորհ իշխանութիւններուն գոյութիւնը չեն կրնար հիմք հանդիսանալ մեր պետութեան տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան շարունակական ոտնահարումներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ կեանքի իրաւունքը անտեսելու համար: Հայ ժողովուրդը, իբրեւ հայկական երկու պետութիւններու յարատեւութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր, աննահանջ պիտի պայքարի իր իրաւունքներուն համար: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ եւ գործնականօրէն սանձէ մեր պետութեան նկատմամբ անթաքոյց տարածքային պահանջներ ունեցող պատերազմական յանցագործին յաւակնութիւնները: Միջազգային կազմակերպութիւնները եւ ուժային կեդրոնները աչք պիտի չփակեն միջազգային յարաբերութիւնները ու արդի աշխարհի անվտանգային համակարգերը կազմաքանդող ատրպէյճանական գործողութիւններուն վրայ: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին պայքարած է յանուն արժանապատիւ խաղաղութեան, վերջին 30 տարիներու ընթացքին մենք եղած ենք այս տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ջատագովն ու պարտադրողը: Մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք, սակայն այդ խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ մեր արժանապատուութեան եւ գոյութենական իրաւունքներուն»: