«Ապառաժ».- «ՀՅԴ Ասկերանի գրասենեակէն ներս ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութիւններու միատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է իմացական խաղ- մրցոյթ` ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն:

Պատանիները նախքան խաղի սկիզբը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհերու յիշատակը:

Խաղին առաջին տեղը գրաւած է «Վան», երկրորդ տեղը` «Էրեբունի», իսկ երրորդ տեղը «Աւօ-Մարտունի» խումբը:

Իմացական խաղ-մրցոյթէն վերջ տեղի  ունեցած է ազգային երգերու ուսուցում:

Իմացական խաղեր պիտի կազմակերպուին Արցախի միւս շրջաններուն մէջ եւս», տեղեկացուցած է ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը: