Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Լիթուանիա պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երկրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ 3 Հոկտեմբեր 2021-ին իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է. «Հայաստան երբեք չէ ներքաշուած եւ երբեք պիտի չներքաշուի ընդդէմ Իրանի դաւադրութեան մէջ, որովհետեւ մեզի համար այդ երկրին հետ յարաբերութիւնները խիստ կարեւոր են, եւ մենք երբեք չենք մոռնար, որ 1990-ականներու սկիզբը Իրան Հայաստանի համար եղած է կեանքի ճամբայ»: Այս մասին յայտարարած է: Վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստան Իրանի հետ ջերմ յարաբերութիւններ ունի: «Նորութիւն չէ, որ կան որոշ շրջանակներ, որոնք կը յաջողին, մերթ առ մերթ, Իրանի մամուլին մէջ հրապարակել նիւթեր, յայտնելով, թէ Հայաստան ներգրաւուած է ինչ որ դաւադրութիւններու մէջ` Իրանի դէմ», յայտնած է Փաշինեան: Այլ առիթով մը, Հայաստանի վարչապետը վերահաստատած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելու պատրաստակամութիւնը եւ անդրադարձած հայ գերիները վերադարձի ու ականապատ տարածքներու քարտէզներու տրամադրման հարցին: Վարչապետը ըսած է. «Ես պատրաստ եմ մեր ունեցած բոլոր քարտէզները ինծի հետ տանելու եւ Ատրպէյճանի նախագահին կոչ կ՛ուղղեմ իրեն հետ բերելու մեր բոլոր գերիները»: