Նոպելեան կոմիտէն բժշկագիտութեան բնագաւառին մէջ 2021-ի մրցանակը շնորհած է գիտնականներ Տէյւիտ Ճուլիուսին եւ Արտէմ Փաթափութեանին, որոնք ուսումնասիրած են կենդանի օրկանիզմներու ջերմութիւն զգալը: Անոնք ժամանակին յայտնաբերած են մոլեկուլներ, որոնք արձակած են կենսաքիմիական հակազդեցութիւններ, որոնք կը յանգեցնեն տաքութեան, ցուրտի կամ հպումներու զգացումը: Փաթափութեան ծնած Է 1967-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած Է Լոս Անճըլըս: Հոն ան ատենախօսութիւն պաշտպանած է Քալիֆորնիոյ Փասատինայի ճարտարագիտական հիմնարկէն ներս: Այժմ գիտնականը կ’աշխատի Քալիֆորնիոյ Լա Հոյայի Scripps Research ամերիկեան ոչ առեւտրային բժշկագիտական հետազօտական կեդրոնին մէջ, հաղորդած Է Ռիա Նովոստին: