«Երկիր».-Աշխատանքային այցելութեամբ Թեհրան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան 4 Հոկտեմբերին հանդիպած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Հուսսէյն Ամիր Ապտուլլահեանի հետ: Երկու երկիրներու ԱԳ նախարարները ընդգծած են տարածաշրջանային կայունութիւնը վտանգող գործողութիւններու անթոյլատրելիութիւնը եւ կարեւոր համարած են տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրներու հասցէագրման ուղղութեամբ գործակցութիւնը: Հանդիպումին հանգամանօրէն քննարկուած են երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ երկու երկիրներու միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: Նախարարները գոհունակութիւն յայտնած են դարերու խորքէն եկող հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին նկատմամբ` երկուստէք պատրաստակամութիւն յայտնելով ջանքեր ներդնել փոխվստահութեան վրայ հիմնուած փոխգործակցութեան ընդլայնման ու խորացման: Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են տնտեսական կապերու աշխուժացման հեռանկարներուն` ընդգծելով նպատակային քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը` առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները աւելացնելու ուղղութեամբ՝ կողմերու միջեւ համաձայնեցուած որոշակի ծրագիրներու իրականացման միջոցով: Քննարկուած է նաեւ զբօսաշրջութեան ու մշակութային ոլորտներու մէջ գործակցութեան աշխուժացուը: Նախարարները կարեւոր համարած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջկառավարական միատեղ յանձնաժողովի գործունէութիւնը: ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տեղեկացումով` կարեւոր համարուած է նաեւ «Պարսից Ծոց – Սեւ Ծով» միջազգային երթեւեկային միջանցք ստեղծելու մասին բազմակողմ hամաձայնագիրի ստորագրումը եւ արդիւնաւէտ կիրարկումը: ՀՀ եւ Իրանի ԱԳ նախարարները քննարկած են Եւրասիական Միութիւն-Իրան գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ուժանիւթի եւ երթեւեկային ենթակառուցուածքներու ոլորտի գործակցութեան: Արարատ Միրզոյեան իրազեկած է Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածին այլընտրանք հանդիսացող ճանապարհի կառուցման ընթացքին եւ արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ «հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան մասին: Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ կազ` էլեկտրաուժանիւթի դիմաց ծրագիրի հեռանկարներուն շուրջ: «Արարատ Միրզոյեանն ու Հուսսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի քննարկումի առանցքային թեմաներէն էին տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերը: ՀՀ ԱԳ նախարարը զրուցակցին ներկայացուցած է Արցախի դէմ ատրպէյճանաթրքական յարձակումի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ ծառացած մարդասիրական հարցերը: Արարատ Միրզոյեան առանձնայատուկ ընդգծած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական պատանդներուն` շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով նաեւ ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն` Հայաստանի ինքիշխան տարածք ներթափանցման եւ շարունակական սադրիչ գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան` Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ Իրանի դիրքորոշումը: Երկու երկիրներու ԱԳ նախարարները ընդգծած են տարածաշրջանային կայունութիւնը վտանգող գործողութիւններու անթոյլատրելիութիւնը եւ կարեւոր համարած են տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրներու հասցէագրման ուղղութեամբ գործակցութիւնը», յայտնած են ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնից, որուն համաձայն, հանդիպումի աւարտին Արարատ Միրզոյեանն ու Հուսսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հանդէս եկած են մամուլի համար միատեղ յայտարարութեամբ: